ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՎԱՂԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վաղը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ 11 յունուար 2021 թուականին, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութեան գործադրութեան մանրամասնութիւնները։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, հիմնական շեշտը պիտի դրուի մարդասիրական աջակցութեան ցուցաբերման, ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վրայ։

Այվազեան եւ Լաւրով կը նախատեսեն նաեւ համադրել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գծով տարուած աշխատանքային ծրագրերը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021