ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն վերադարձած է Երեւան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին վերադարձած է Հայաստան։

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարեմուտին Արմէն Սարգսեան վիրահատութեան մը ենթարկուած էր Լոնտոնի մէջ, ուր վարակուած էր քորոնաժահրով։ Ան ենթարկուած էր երկարատեւ դարմանումի մը՝ միջոց մը մնալով նաեւ հիւանդանոցի մէջ։ Այժմ նախագահ Արմէն Սարգսեան վերադարձած է Երեւան, ուր եւս բժիշկներու յորդորով իր բուժումը կը շարունակուի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021