ԴՐԱԿԱՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անգարա Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան հետ յառաջ կը տանի արդէն առաջին բարձր մակարդակի շփումները։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Միջոցէ մը ի վեր սպասուած հեռախօսազրոյց մըն էր այս մէկը, որու ժամկէտը անակնկալօրէն զուգադիպեցաւ արիւնալի ու ողբերգական իրադարձութեան մը հետ։ Արդարեւ, Հիւսիսային Իրաքի Կարա քաղաքէն ներս Թուրքիոյ Հանրապետութեան 13 քաղաքացի սպաննուեցաւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ։ Այս դէպքը անխուսափելիօրէն ծնունդ տուաւ մեծ ցասումի եւ հակազդեցութեան՝ մանաւանդ, որ Թուրքիոյ մէջ հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկաւ ԱՄՆ-ի կողմէ ՓՔՔ-ի զինման հարցը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Ուաշինկթընի առաջին արձագանգներն ալ հեռու էին Անգարան գոհացնելէ՝ այն աստիճան, որ ԱՄՆ-ի դեսպանը հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։

Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցաւ Չավուշօղլու-Պլինքըն հեռախօսազրոյցը։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ տեղական մամուլը կը գրէ, որ Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնած է եւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ զրուցելու ժամանակ նշած է, որ դէպքի պատասխանատուն է ՓՔՔ-ն։ Իր կարգին, Չավուշօղլու վերջին շրջանին ԱՄՆ-էն հնչած յայտարարութիւններուն բերումով յառաջացած անհանգստութիւնները ընդգծած է։ Ան նաեւ շնորհաւորած է իր պաշտօնակիցը։ Նախարարները համամիտ գտնուած են, որպէսզի ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութեան պաշտօնավարութեան շրջանին Թուրքիոյ հետ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, բաց ու անկեղծ երկխօսութիւն մը զարգացուի։ Երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր չափումներով քննարկման առնուած են զրոյցի ժամանակ։ Այս ամբողջին մաս կազմած են ՖԵԹԷՕ-ն, ՓՔՔ-ՓԵՏ-ն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցերը, Սուրիոյ իրադրութիւնը եւ Միջերկրականի արեւելքին վերաբերեալ նիւթերը։

ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նէտ Փրայսն ալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Չավուշօղլու-Պլինքըն զրոյցին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, երկու նախարարները աչքէ անցուցած են Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները եւ անոնց հասարակաց շահերը՝ առաջնահերթութիւն ընծայելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերուն։ Ըստ ամերիկացի բանբերին, կողմերը խոստացած են համագործակցութիւնն ու փոխադարձ զօրակցութիւնը աւելցնել՝ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Պլինքըն կոչ ուղղած է, որպէսզի Թուրքիա հրաժարի Ռուսաստանի հետ «Ս-400» հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ համաձայնութենէն։ Փրայսի խօսքով՝ Էնթընի Պլինքըն նշած է, որ կը խրախուսէ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ վերսկսած բանակցութիւնները։

Ռուսական աղբիւրներն ալ անդրադարձած են երէկուան հեռախօսազրոյցի «Ս-400»ներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն։ Ըստ Մոսկուայի աղբիւրներուն, Պլինքըն յորդորած է, որ Թուրքիա չպահէ «Ս-400» համակարգերը եւ հրաժարի անոնցմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021