ԻՐԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱՆՈՒՆՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2018 թուականի գարնան երկրէն ներս պատահածը հակաղարաբաղեան շարժում մըն էր։

Երէկ, Հայաստանի «Արմնիւզ» հեռուստակայանը երեկոյեան ժամերուն սփռեց Սերժ Սարգսեանի հետ կատարուած բացառիկ հարցազրոյց մը։ Երկրի երրորդ նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները իսկապէս բացառիկ էին։ Արդարեւ, Սերժ Սարգսեանի այս հարցազրոյցը առանձնացաւ իր մեծ արժէքով՝ առկայ թէժ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Հայաստանին պատուհասած աղէտը պատմութեան մէջ դիրքաւորելու առումով, երբ երկիրը նոր ապագայ մը կ՚որոնէ բազում մարտահրաւէրներու ընդմէջէն։

Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով հայկական կողմը կրած է պարտութիւն մը, որ համազօր է ահաւոր աղէտի մը։ Ստեղծուած տագնապալի իրավիճակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները կը ջանան արդարանալ՝ միշտ մեղադրանքներ ու նոյնիսկ յանցանքներ վերագրելով երկրի նախկին ղեկավարութեան դէմ։ Այս բոլորը, ընդհանրապէս, կ՚ընկալուին՝ որպէս շահարկումներ իշխանութիւնը պահելու համար։ Անշուշտ, քննադատութիւններուն մէջ որոշ չափով արդար երեսակներ կրնան ըլլալ, սակայն նման ծանր պարտութեան մը պայմաններուն ներքեւ պատասխանատուութիւններէն խուսափելու երեւոյթները աններելի են եւ անյարիր՝ պետական մտածելակերպի։ Այս բոլորի լոյսին տակ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները բիւրեղացան՝ նախ եւ առաջ իրերը իրենց անունով կոչելու տեսանկիւնէն։ Հարցազրոյցին առաջին բաժինը հրապարակուեցաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն, իսկ երկրորդ բաժինը կը հրապարակուի այսօր երեկոյեան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ իր՝ որպէս նախագահ պաշտօնավարութեան վերջին շրջանին հասունցած էր որոշ ծրագիր մը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ լուծման կամ միջանկեալ լուծման մը ճանապարհին։ Այդ փուլին գլխաւոր բանակցողի փոփոխութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենար հայկական կողմին տեսակէտէ։ Ուստի, մի միայն այս հանգամանքին բերումով Սերժ Սարգսեան համաձայն գտնուած էր երկրի ղեկը ստանձնելու՝ որպէս վարչապետ։ Հաղորդավարի հարցման պատասխանելով՝ ան շեշտեց, որ այս մասին մատնանշումներ եւ ակնարկութիւններ ալ ըրած է իր հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ։

Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման կամ միջանկեալ լուծման ճանապարհին հասունցած այդ ծրագրին շուրջ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ, ինչ որ արդէն կը բիւրեղացնէր, թէ իր ղեկավարութեան աւարտին ինչ ժառանգութիւն մնացած էր Հայաստանի այսօրուան՝ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւններուն։ Մատրիտեան սկզբունքներու եւ Քազանեան փաստաթուղթի եւ աւելի վերջ ալ Պաքուի կողմէ այդ փաստաթուղթի վիժեցման բերումով պատրաստուած «Լաւրովի ծրագիր»ի մանրամասնութիւններուն մասին խօսեցաւ Սերժ Սարգսեան։ Քննադատութիւններուն ալ պատասխանելով ան ըսաւ. «Համաձայն չեմ, թէ Քազանեան փաստաթուղթը կ՚ենթադրէր տարածքային զիջումներ։ Ձեր գլուխէն նետեցէք, թէ մենք ի՛նչ պիտի տայինք։ Մտածեցէք, թէ մենք ի՛նչ պիտի ունենայինք։ Քազանեան փաստաթուղթը կը նախատեսէր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակ՝ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։ Պիտի ստանայինք միջազգայնօրէն երաշխաւորուած խոստում, Արցախի մէջ հանրաքուէի կազմակերպման միջոցաւ անոր ճակատագիրը ճշդելու համար։ Սա մեզի հնարաւորութիւն կու տար շատ հանգիստ երթալ հիմնախնդրի լուծման, այո, փոխզիջումներու միջոցաւ։ Միջանկեալ կարգավիճակով Արցախ կ՚ունենար անտանգութեան եօթ երաշխիք»։

Սերժ Սարգսեան բացատրեց, որ իր օրով հասունցած ծրագիրը կ՚ենթադրէր առաջին հերթին Արցախի յարակից անվտանգութեան գօտիի եօթ շրջաններէն հինգի Ատրպէյճանին վերադարձուիլը։ «Շատ մեծ տարբերութիւն կայ տարածք վերադարձնելու եւ տարածք կորսնցնելու միջեւ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ անդրադառնալով այսօրուայ վիճակին։ Արդարեւ, մինչեւ Արցախի անկախութեան օրը՝ այսինքն մինչեւ հանրաքուէի օրը հայկական կողմը իր վերահսկողութեան տակ պիտի ունենար Լաչինի եւ Քելպեճերի շրջանները։ Հանրաքուէի օրակարգը բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն կողմէ պիտի ճշդուէր։ Ամէն ինչ այնպէս մը ապահովագրուած էր, որ խոստում դրժելու պարագային Ատրպէյճան գործնականօրէն, ինքնաբերաբար ձեւով մը հրաժարած պիտի ըլլար Լաչինէն եւ Քելպեճերէն։

Հարցազրոյցին ժամանակ Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ ինք երբեք «ոչ մի թիզ հող»ական չէ եղած։ Ան միշտ ունեցած է այն համոզումը, թէ առաւելապաշտութիւնը կործանում կրնայ պատճառել հայկական կողմին։

Այս բոլորէն վերջ Սերժ Սարգսեան ուշագրաւ մեկնաբանութիւններ ըրաւ իշխանափոխութենէն վերջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ Երեւանի որդեգրած ընթացքին կապակցութեամբ։ Այս ծիրին մէջ ան ուրոյն ձեւով մեկնաբանեց Փաշինեանի կողմէ Ստեփանակերտի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը, թէ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ։ Ըստ Սարգսեանի, ճիշդ է, որ այս յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի եւ միջնորդներու անհանգստութեան պատճառ դարձան, սակայն, իրականութեան մէջ, Նիկոլ Փաշինեան այդ յայտարարութիւնը բոլորովին ուրիշ նպատակով մը ըրած էր։ Փաշինեան Արցախ երթալով փորձած էր այնտեղ տալ այն պատգամը, թէ ինքն էր տէրն ու տիրականը եւ Արցախի այդ ժամանակուայ ընտրութիւններուն ընդառաջ փափաքած էր ճանապարհ հարթել իրեն տեսակէտէ նախընտրելի թեկնածուին առջեւ։ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի որեւէ ղեկավար Արցախի նախագահը չէր նսեմացուցած, որքան Նիկոլ Փաշինեանը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյցի տեւողութեան մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ Նիկոլ Փաշինեան ինչպէս տասնամեակներ տեւած բանակցային գործընթացի ձեռքբերումներէն հրաժարած էր՝ նախընտրելով, աշխատանքը շարունակել իր իսկ կէտէն։ Ան անիրատես նախապայման յառաջ քշած էր՝ Լեռնային Ղարաբաղի ուղղակի մասնակցութեան վրայ պնդելով բանակցային գործընթացին։ Նախկին իշխանութիւնները այդ մասնակցութեան ակնկալութիւնը օրակարգի վրայ կը բերէին՝ մաղթանքի, բաղձանքի ձեւաչափին մէջ, որովհետեւ այլապէս կարելի չէր յառաջ ընթանալ։ Իսկ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այդ մէկուն նախապայմանի վերածուիլը խստիւ քննադատուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Սա միջնորդներուն նկատմամբ մեծ անարգանք մըն էր, որովհետեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները քանիցս յայտարարած էին բանակցային ձեւաչափի անփոփոխութեան մասին։

Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեան փորձած էր միջնորդները շրջանցելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ուղղակի կապի մէջ անցնիլ։ Այսօր արդէն հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած են այդ շփումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները, որոնք յետպատերազմեան առկայ ծանր իրավիճակին մէջ տրամաբանօրէն ողջամիտ կը դարձնեն այն բոլոր կասկածները, որոնք կը վերագրուին Նիկոլ Փաշինեանին։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան հանգամանօրէն բացատրեց, թէ Նիկոլ Փաշինեան ինչպէս հակասութեան մատնած էր միջնորդները։ Իր տեսակէտէ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 2019 թուականի ժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը ունէր կարեւոր նշանակութիւն եւ էապէս մտահոգիչ էր։ Արդարեւ, այդ յայտարարութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ առաջին անգամ չէին թուարկուած Մատրիտեան երեք սկզբունքները, որոնցմէ մին կը նախատեսէր ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման բացառուիլը։ Այսպէսով Ատրպէյճանը զսպող գործօններէն մին մսխուած էր դիւանագիտական գետնի վրայ։ Փոխարէնը՝ այդ փաստաթուղթին մէջ խօսուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդար լուծման մասին եւ, ըստ Սերժ Սարգսեանի, ակնյայտ է, որ արդարութիւնը բաւական յարաբերական հասկացութիւն մըն է։

Հայաստանի նախկին նախագահը նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան սկսած էր բանակցային գործընթացի պատմութեան մասին տեղեկութիւններ քաղել Իլհամ Ալիեւէն։ Բաց աստի, ան «շինիչ» որակած էր Իլհամ Ալիեւը։ Ընդհանուր առմամբ, Սերժ Սարգսեան արտառոց երեւոյթ համարեց, որ հակամարտ երկու երկրի ղեկավարներէն մին միւսին ղեկավարը որակէ «շինիչ»։ Թէեւ կարելի է դրական որոշ ածականներ օգտագործել, սակայն պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներու պարագային ղեկավարի մը «շինիչ» որակուիլը կը նշանակէ բոլորովին ուրիշ բան։ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ դիտարկելով այդ բոլորը ինք արդէն կը մտահոգուէր, թէ Հայաստան կ՚երթար դէպի պատերազմ ու դէպի պարտութիւն։ Իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան որոշ ներկայացուցիչներ արդէն հրապարակային զգուշացումներով հանդէս եկած էին։

Ի լրումն այս բոլորին, Սերժ Սարգսեան յիշեցուց, որ 2016-ի ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն վերջ հայկական կողմը գործողութիւնները շուտով կասեցնելու հնարաւորութիւն ունենալու առընթեր, դիւանագիտական գետնի վրայ առաւելութիւն ապահոված էր Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններով, որոնք նոյնպէս անտեսուեցան ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, որ այդ հասունցած լուծման փաստաթուղթը իր կողմէ երբեք գաղտնի ձեւով պիտի չստորագրուէր։ Թէեւ հանրաքուէ մը պիտի չըլլար, սակայն հասարակական լայնախարիսխ քննարկման առարկայ պիտի դարձուէր այդ ծրագիրը։ «Ես վստահ չէի, թէ հասարակութեան մեծ մասը սատար պիտի կանգնէր այդ ծրագրին։ Ի հարկէ, եթէ հիմա հնարաւորութիւն ունենայինք պատմութեան անիւը ետ պտտցնելու ու վերադառնալու 2018 թուականին՝ կը կարծեմ մեր բնակչութեան 99 տոկոսը կողմնակից կ՚ըլլար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյցի ժամանակ։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցի երկրորդ մասը կը հրապարակուի այսօր երեկոյեան։ Իսկ հարցազրոյցի երէկուան՝ առաջին բաժնի առանցքային հատուածները ամբողջութեամբ պիտի ներկայացնենք մեր վաղուան թիւին մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք ձեւով մը կը վերահաստատեն Սերժ Սարգսեանի կողմէ երէկուան հարցազրոյցին մէջ հրապարակուած մանրամասնութիւնները։ «Հայաստանն ու իր շարք մը արտասահմանեան հովանաւորները կը ձգտէին, որ Ատրպէյճանին  վերադարձուէր հինգ շրջան, Ատրպէյճան բաւարարուէր այսքանով։ Լեռնային Ղարաբաղ որեւէ ժամանակ անկախութիւն ստանար, իսկ Քելպեճերն ու Լաչինը մնային Հայաստանի յաւերժական վերահսկողութեան տակ։ Բանակցութիւններու ժամանակ անոնք երբեք չեն փափաքած մեզի վերադարձնել Լաչինի եւ Քելպեճերի շրջանները։ Սա բանակցութիւններու մէջ համաձայնութեան բացակայութեան հիմնական պատճառն էր», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ ինք այդ առաջարկը մերժած էր։ Ատրպէյճանի ղեկավարը այս յայտարարութիւնները ըրաւ՝ պատերազմէն վերջ իր երկրի վերահսկողութեան տակ անցած Քաշաթաղի մէջ, ուր այցելեց վերջին օրերուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021