Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ՇՈՒՇԻԻ ԳՈՐԳԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՓՐԿՈՒԱԾ ՆՄՈՅՇՆԵՐ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին Շուշի գորգերու թանգարանի հետաքրքրական նմոյշները։ «Ալեքսանտր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս, փետրուարի 20-ին պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը։ Ներկայացուելիք նմոյշները գորգերու թանգարանի հիմնադիր Վարդան Ասծատրեանի անձնական հաւաքածոյին կը պատկանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ բոլորը Շուշիէն դուրս բերուած են անցեալ տարուայ նոյեմբերի 1-ին։
Ցուցադրուելիք նմոյշներու ամենահինը 350 տարեկան պիտի ըլլայ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021