ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՀԵՐՑՈՔԻՆ

Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին նկատելի է մթնոլորտի փոփոխութիւն։ Վերջին տարիներու իրերայաջորդ վերիվայրումներէն վերջ, այժմ կողմերու միջեւ սկսած է ձիւնահալ մը, ինչ որ այս շրջանին կը զուգորդուի երկու երկիրներու նախագահներու իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներով։ Մինչ կողմերը յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ փոխադարձ քայլերու կը ձեռնարկեն, արդէն յայտնի դարձած է, որ յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պիտի հիւրընկալէ Իսրայէլի նախագահ Եիցաք Հերցոքը։ Ամենաբարձր մակարդակի այս շփումը, անշուշտ, կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ նոր սկիզբ մը պիտի բնորոշէ։

Մարտի առաջին տասնօրեակին նախատեսուած այս այցելութեան ընդառաջ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական երթեւեկն ալ կը խտանայ։ Այսպէս, Եիցաք Հերցոքի Թուրքիա այցելութեան պատրաստութիւններու ծիրէն ներս, ներկայ շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած է թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Իսրայէլ այցելութիւնը։ Այսպէս, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի եւ նախագահ Էրտողանի բանբեր ու աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալընի գլխաւորութեամբ այս պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ալոն Ուշփիզի եւ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Էիալ Շվիքիի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022