ԴԱՒԻԹ ՊԱՊԱՅԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԵՏ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՊԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՎԵՐԱՀՍԿՈՒԻԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ»

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան ներկայացուց, որ ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ օրէնքի նախագիծ մը կը մշակուի։ Այսպէս, Արցախի Ազգային ժողովէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած է այս փաստաթուղթը։ Ըստ Դաւիթ Պապայեանի, Արցախի տարածքներու բռնազաւթման կը վերաբերի այս նախագիծը, որ կարեւոր փաստաթուղթ մը պիտի ըլլայ։ Արդարեւ, ան դիտել տուաւ, որ սա շատ կարեւոր քայլ մըն է Արցախի հիմնահարցի հանգուցալուծման եւ անոր միջազգային կարգավիճակի որոշման ուղղութեամբ մօտեցումներու յստակեցման առումով։ «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Դաւիթ Պապայեան այս օրինագիծը կարեւորեց քաղաքական, պատմական եւ բարոյական տեսանկիւններէ։ «Սա մեր տեսլականն է», ըսաւ ան։

Մինչ այդ, վերջին օրերուն Դաւիթ Պապայեան այցելեց Երեւան, ուր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս կազմակերպուած էր իր հեղինակած ռուսերէն գիրքի շնորհանդէսը։ Անդրադառնալով հայկական պատմաճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին՝ Դաւիթ Պապայեան Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը որակեց մշակութային ցեղասպանութիւն։ Ան համոզուած է, թէ այդ բռնութիւնը ուղղուած է ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Պապայեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ չի կրնար վերահսկուիլ Ատրպէյճանի կողմէ։ Իր խօսքով, Ատրպէյճանի հասարակութիւնը պատրաստ չէ հաշտեցման։ Այստեղ խնդիրը ժողովուրդը չէ, խնդիրները կը ծագին ղեկավարութենէն։

Վերոյիշեալ նախագիծը Արցախի խորհրդարանի օրակարգին վրայ կու գայ այսօր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022