ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ

Թուրքիա-Հայաստան Գործարարութեան զարգացման խորհուրդի համանախագահ Նոյան Սոյաք «Անատոլու» գործակալութեան հարցազրոյց մը տալով անդրադարձած է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ բանակցութիւններու վերսկսումը կեդրոնացած է կարգաւորման, այլ ոչ թէ հաշտեցման հասնելու վրայ։

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մօտ ալ արձագանգ գտած են Նոյան Սոյաքի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց այժմու բանակցութիւնները կրնան նպաստաւոր ըլլալ երկու երկիրներուն համար եւ արդէն դուրս կու գան անոնց շրջանակներէն։ Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի աւարտին հիմք դրուած է Հարաւային Կովկասէ ներս աւելի մեծ խաղաղութիւն մը ապահովելու համար։ Սա օգուտ պիտի ապահովէ Ռուսաստանի նման հարեւաններու տեսակէտէ։

«Տարաձայնութիւններ ունենալով Վրաստանի հետ Կովկասէ ներս եւ Ուքրայնայի հետ հարաւ-արեւմուտքին՝ Ռուսաստան հաւանաբար չէր փափաքեր եւս մէկ շարունակուող հակամարտութիւն ունենալ Հարաւային Կովկասի միւս մասը, ինչ որ կրնար ա՛լ աւելի թուլացնել տարածաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը», նշած է Նոյան Սոյաք՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստան բազմաթիւ առումներով վիթխարի դեր մը կը խաղայ Հայաստանի մէջ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նոյան Սոյաք ըրած է ենթադրութիւններ, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ նպաստել, որպէսզի երկարաժամկէտ հեռանկարով լարուածութիւնը նուազի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ։ «Պաքուի մէջ որոշ բարձրաստիճան դիւանակալներ յատկապէս կ՚ենթադրեն, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ նոյնիսկ օգնել հարթելու համար Երեւանի հետ իրենց յետպատերազմեան սեփական յարաբերութիւնները՝ ցոյց տալով ռազմական դրութենէն դէպի աւելի փոխշահաւէտ կեդրոնացման անցնելու առաւելութիւնները։ Այս պատճառով, մենք կրնանք ըսել, որ կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ Պաքուի մօտեցումը 180 աստիճանով շրջուած է», յայտնեց Նոյան Սոյաք։

Թուրքիա-Հայաստան Գործարարութեան զարգացման խորհուրդը երկար ժամանակ գործած էր բաւական ազդու, սակայն, մանաւանդ՝ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ձախողումէն վերջ յառաջացած փակուղիի պայմաններով մատնուած էր լռութեան։ Վերջին օրերուն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան կը պաշտպանէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը նախատեսուած է Վիեննայի մէջ, յառաջիկայ 24 փետրուարին։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022