ՄԵՂՄԱՑՄԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել համաշխարհային օրակարգի վրայ։ Մտահոգիչ իրադարձութիւնները զգալիօրէն տագնապեցուցած են նաեւ միջազգային հանրութիւնը։ Առկայ մթնոլորտին մէջ, երէկ, երկար ժամանակ վերջ լարուածութեան մեղմացման ազդանշաններ հասան։ Ռուսաստան, որ թէ՛ իր եւ թէ Սպիտակ Ռուսիոյ կողմէն Ուքրայնայի սահմաններուն վրայ իրերայաջորդ հսկայ ռազմափորձեր կը կատարէր վերջին օրերուն, երէկ հաղորդեց, որ զօրավարժութիւններու աւարտին զուգահեռ, անոնց մէկ մասը արդէն ետ կը քաշուին իրենց ռազմախարիսխները։

Այս յուսադրիչ իրադարձութիւնը կը մեկնաբանուի Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարներու եւ Մոսկուայի միջեւ վերջին շրջանի աննախընթացօրէն խիտ դիւանագիտական շփումներու համայնապատկերին վրայ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ նախօրէին Քիեւի մէջ տեսակցած էր Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Բաց աստի, երէկ այս տագնապին շուրջ հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի միջեւ։

Երէկ, Պայտըն Սպիտակ տան մէջ յայտարարութիւններ ալ ըրաւ Ուքրայնայի տագնապին շուրջ։ Իր խօսքով՝ տակաւին շատ հաւանական կը համարուի Ռուսաստանի յարձակումը Ուքրայնայի վրայ։ Այդպիսի պատերազմ մը միջազգային գետնի վրայ մեծ հակազդեցութիւն պիտի յառաջացնէ ռուսական կողմին դէմ։ Պայտըն յայտնեց, որ դիւանագիտական ջանքեր պէտք է յառաջ տարուին։ Այլապէս, հաւանական յարձակումի մը պարագային Ռուսաստանի դէմ անմիջապէս պիտի սահմանուին բռնամիջոցներ, որոնց ծիրէն ներս «Հիւսիսային հոսք» խողովակաշարին միջոցաւ բնական կազի առաքումներն ալ պիտի դադրեցուին Ռուսաստանէն դէպի Գերմանիա։

Բոլոր հարթութիւններու վրայ շահագրգիռ կողմերը թէեւ կը շարունակեն վերջնագրային ոճով պատգամներ փոխանակել, սակայն, տողերու արանքի շեշտադրումներուն մէջ ալ հետզհետէ աւելի նկատելի ձեւով զգալի կը դարձուի, որ դիւանագիտութեան հնարաւորութիւնները չեն սպառած։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, թէեւ առկայ վտանգները տակաւին վերջնականօրէն չեն յաղթահարուած, սակայն, կարեւոր նշանակութիւն ունի Շոլցի հետ բանակցութիւններու ընթացքին Փութինի արտայայտած վերաբերմունքը, ըստ որու, ռուսական կողմը պատերազմի չի ձգտիր ու պատրաստ է բանակցութիւններու։ Իր կարգին, Օլաֆ Շոլցն ալ ռուսական զօրքերու Ուքրայնայի սահմանէն մասամբ ետ քաշուիլը դրական ազդանշան մը որակած է։ Իր խօսքով՝ Մոսկուայի պահանջներուն մէջ կան կէտեր, որոնք քննարկման արժանի են։ Գերմանացի շանսէօլիէի խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ի դէպի Արեւելք ընդլայնումը օրակարգի վրայ չի գտնուիր։

Ուքրայնայի տագնապը այժմ այնպիսի ընթացք մը ունի, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ կրնայ զանազան հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման յանգեցնել։ Այժմ լրջօրէն կը քննարկուին ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերեալ վարկածներ, որոնց շրջանակին մաս կը կազմէ դէպի Եւրոպա Ռուսաստանի բնական կազը փոխարինել Ատրպէյճանի բնական կազով։ Երէկ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը «լաւ» որակեց այդ զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուեցան Ուքրայնայի իրավիճակը եւ դէպի Եւրոպա կազի մատակարարումները, տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներով հանդերձ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022