ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարներու խօսակցութեան ընթացքին քննարկման առարկայ դարձած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Հարկ է յիշեցնել, որ նախընթաց օր ալ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ռուբէն Ռուբինեան, որ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ հետ սկսած բանակցութիւններուն մէջ։ Ռուբինեան-Ռուտենքօ զրոյցէն վերջ ալ պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումը քննարկման նիւթ դարձած է։

Երէկուան Միրզոյեան-Լաւրով հեռախօսազրոյցի ժամանակ ալ անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։ Զրուցակից նախարարները ընդգծեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղեալ քայլերու ձեռնարկման, նաեւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով դրութիւններու ձեւաւորման վերաբերեալ հարցերը։

Միրզոյեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ հայ-ռուսական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆրի Ֆլէյքն ալ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ամերիկացի դիւանագէտը «հիանալի զարգացում» որակեց՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ «Մենք կ՚ողջունենք այդ քայլերը։ Անշուշտ, անոնք համարձակ քայլեր են։ Կարեւոր նշան է նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքներու վերականգնումը», ըսաւ Ֆլէյք, որու խօսքով՝ նոյնպէս ողջունելի են յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022