Երեքշաբթի 21, Յունուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓՐԿԱՐԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ
Երկրաշարժէն վերջ Հայաստանէն Թուրքիա եկած փրկարարներու խումբը արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը աղէտի գօտիին մէջ։ Հայ փրկարարներու ջոկատը աւելի քան շաբաթէ մը ի վերջ աշխատած էր Ատըեամանի մէջ։
Փրկարարները եկած էին օդային ճամբով, սակայն անոնց վերադարձը նախատեսուած է ցամաքային ճանապարհով։ Այսպէս, անոնք ալ պիտի վերադառնան Ալիճան-Մարգարա ցամաքային սահմանի անցակէտէն, որ առկայ աղէտի պայմաններուն ներքեւ մարդասիրական նպատակներով գործարկուիլ սկսած է։
Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2023