ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ան­գա­րա խիստ ո­ճով ար­ձա­գան­գեց Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին, որ վեր­ջերս կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րը «ճանչ­նան հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը այդ կո­չը ուղ­ղած էր իր ըն­դու­նած մար­դու ի­րա­ւանց եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան զե­կոյ­ցին մէջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ այս կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս ե­­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ պա­խա­րա­կեց վե­րո­յի­շեալ կո­չը։ 

Ըստ բան­բե­րի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, այդ զե­կոյ­ցը միա­կող­մա­նի եւ ընտ­րո­վի ար­դա­րու­թեան մը զգա­ցու­մով կը մեկ­նա­բա­նէ այն ժա­մա­նա­կա­հատուա­ծը, որ ող­բեր­գա­կան բնոյթ ու­նի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Թան­ժու Պիլ­կիչ ընդ­գ­ծած է, թէ զե­կոյ­ցը յա­ռաջ կը քշէ ի­րա­ւուն­քէ դուրս պա­հանջ­ներ, նաեւ կ՚ան­տե­սէ այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ Թուր­քիոյ մար­դա­սի­րա­կան ու շի­նիչ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ 

«Նման քայ­լե­րը թէ՛ վնաս կը հասց­նեն Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ կը դժուա­րաց­նեն թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու կող­մէ հա­մա­տեղ ա­պա­գա­յի մը կա­ռու­ցու­մը», նշուած է բան­բե­րի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ուր յի­շե­ցուած է նաեւ 1987 թուա­կա­նին Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նուած «Հայ­կա­կան հար­ցի քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մը» խո­րագ­րեալ ո­րո­շու­մը, ո­րով եւս ի յայտ ե­կած էր կա­ռոյ­ցի միա­կող­մա­նի դիր­քո­րո­շու­մը։ Ըստ ի­րեն, փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տուած է, որ նման քայ­լե­րը չեն նպաս­տեր թուրք-հայ­կա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ Ան­գա­րա Եւ­րո­պա­յի բա­րե­կամ­նե­րէն կ՚ակն­կա­լէ խնդի­րը ա­ւե­լի չխո­րաց­նել եւ շի­նիչ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015