ԱՌԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ ոեւէ մէկը չի կրնար դերակատարութիւն ունենալ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը համապատասխանէ թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ տարածքաշրջանի շահերուն։ Բայց եւ այնպէս, Նալպանտեանի խօսքերով, դժբախտաբար, Թուրքիա քաջութիւն եւ իմաստութիւն չունեցաւ՝ վաւերացնելու եւ կեանքի կոչելու համաձայնեցուած եւ ստորագրուած արձանագրութիւնները։
Սլովենիոյ «Dnevnik» օրաթերթին մէջ նախընթաց օր հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, որ վերջերս այցելած էր Լիւպլիանա։ Լրագրող Ալեշ Կաուպի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ Նալպանտեանի հետ կատարուած այս հարցազրոյցը, որուն շրջագծով ան անդրադարձած է բազմա-բընոյթ խնդիրներու։ Այս ծիրին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան խօսած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շուրջ։ Լրագրողը Նալպանտեանին հարց տուած է, որ ներկայիս Երեւանի ուշադրութեան կեդրոնին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորո՞ւմը կը գտնուի, թէ ոչ Թուրքիոյ հետ սահմաններու վերաբացման հարցը։ Ալեշ Կաուպ յիշեցուցած է, որ վերջին անգամ կարծես, թէ այս գործընթացները քիչ մը համընկնած էին, բայց աւելի վերջ յայտնուեցան փակուղիի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հարցման ի պատասխան Եդուարդ Նալպանտեան ըսած է հետեւեալը.
«Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու սկսիլը մեր նախագահին նախաձեռնութիւնն էր՝ ուղղուած առանց որեւէ նախապայմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Մինչ այդ, մեր յարաբերութիւնները փակուղիի մէջ էին։ Մեր նախագահը հրաւիրեց Թուրքիոյ նախագահ Կիւլը՝ Հայաստանի մէջ ներկայ գտնուելու ֆութպոլի խաղին։ Այս նախաձեռնութիւնը յայտնի դարձաւ որպէս ֆութպոլային դիւանագիտութիւն։ Մենք կը վարէինք շատ խտացեալ ու դժուար բանակցութիւններ։ 2009 թուականի Հոկտեմբերին՝ Ցիւրիխի մէջ մենք ստորագրեցինք երկու արձանագրութիւններ։ Սակայն Թուրքիա պատրաստ չեղաւ զանոնք վաւերացնելու եւ կեանքի կոչելու։ Թուրքիան խախտեց pacta sunt servanda սկզբունքը։ Այդ է պատճառը, որ միջազգային հանրութիւնը, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, կ՚ըսեն, որ գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտին մէջ։ Թուրքիա վերադառնալով նախապայմաններու լեզուին՝ կը փորձէ կապակցել ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծումը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ։ Բազմաթիւ երկիրներ կ՚ընդգծէին, որ այս երկու գործընթացները կապակցելու իւրաքանչիւր փորձ՝ պիտի վնասէ երկուքին ալ։ Թրքական կողմի հին նախապայմաններէն մին, որ վերակենդանացուեցաւ Ցիւրիխէն վերջ, կը վերաբերէր հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։ Բայց Հայաստան անվերապահօրէն յայտարարած ու հաստատած էր՝ մենք երբեք հարցականի տակ չենք դներ հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ անոր միջազգային ճանաչման ու դատապարտման կարեւորութիւնը»։
Նոյն տեսակցութեան ընթացքին լրագրողը Եդուարդ Նալպանտեանին հարց տուած է, թէ որպէս Թուրքիոյ բարեկամ, Ռուսաստան կրնա՞յ այդ երկխօսութիւնը կրկին տեղափոխել նախորդ հանգրուանին։ Այս հարցումը շատ հետաքրքրական է, մանաւանդ այն առումով, որ վերջին տարիներուն էապէս վերելք կ՚ապրի Անգարայի եւ Մոսկուայի համագործակցութիւնը։ Այս կապակցութեամբ Եդուարդ Նալպանտեան ըսած է հետեւեալը.
«Առաջին հերթին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ ժողովուրդին բարեկամը՝ գործէ ի շահ իր ժողովուրդին։ Արդեօք կը կարծէ՞ք, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը աւելի շատ կը բխի այլ պետութիւններու շահերէն, քան՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի։ Ի հարկէ, այդ կարգաւորումը կը համապատասխանէ թէ՛ տարածքաշրջանի շահերուն։ Բայց, ցաւօք, Թուրքիա քաջութիւն եւ իմաստութիւն չունեցաւ՝ վաւերացնելու եւ կեանքի կոչելու համաձայնեցուած եւ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Այսինքն՝ սա այն դէպքը չէ, երբ ոեւէ մէկը պէտք է դերակատարութիւն մը ունենայ՝ յառաջ մղելու համար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Առաջին հերթին Թուրքիա պէտք է վերլուծէ, թէ ի՛նչը սխալ է։ Տակաւին այն ժամանակ ես կը զգուշացնէի, որ Թուրքիան իր այս մօտեցմամբ իր հռչակած «զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւնը կը վերածէ «զերօ հարեւան առանց խնդիրներու»ի։ Այսօր բոլորը կը բաժնեն այս տեսակէտը։