ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային համաժողովին։ Այս շրջագծով Յովիկ Աբրահամեան Գահիրէի մէջ ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլ Ֆէթթահ Էլ Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները բարձր գնահատեցին հայ-եգիպտական քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ու զարգացման ուղղեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Երկուստեք նշուեցաւ, որ գոյութիւն ունի տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ մը։ Միշտ տնտեսական կապերը աշխուժացնելու շրջագծին մէջ կողմերը կարեւորեցին միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն աշխուժացումը, տնտեսական համաժողովներուն կազմակերպումը, երկու երկիրներու գործարար շրջանակներու կապերուն սերտացումը։
Աբրահամեան եւ Սիսի հեռանկարային համարեցին գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան այլ ճիւղերէն ներս համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը։ Սիսի բարձր գնահատեց Եգիպտոսի հայ համայնքին դերը՝ երկրի զարգացման ուղղութեամբ։ Ան նշեց, որ եգիպտահայ համայնքը լաւ կամուրջ մըն է Գահիրէի եւ Երեւանի կապերու ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ։
Յովիկ Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ արաբական երկիրներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը։ «Այս առումով Եգիպտոս կը զբաղեցնէ առանձնայատուկ տեղ մը, որովհետեւ հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներու՝ վաղ ժամանակներէ սկիզբ առած յարաբերութիւնները անցած են ժամանակի փորձութենէն ու վերածուած ամուր բարեկամութեան», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան եւ իր շնորհաւորութիւնները յղեց իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի բարձր մակարդակով իրականացման կապակցութեամբ։ Ըստ Աբրահամեանի, համաժողովը արդիւնաւէտ հարթակ մըն էր քննարկելու համար ինչպէս Եգիպտոսի այնպէս ալ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Աբրահամեան հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ 2015-ին նշուող տարելիցին եւ ըսաւ, թէ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք ոգեկոչման միջոցառումներուն համար հայկական կողմը կ՚ակնկալէ Եգիպտոսէն բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը մասնակցութիւնը։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու, քննարկեցին երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցեր։