ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին այց մը տուաւ Չա­նաք­քա­լէ։ Ան ա­ղօ­թեց տեղ­ւոյն նա­հա­տակ­նե­րու շիր­մին մօտ, նաեւ Չա­նաք­քա­լէի ա­ռըն­թեր շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պա­լը­քէ­սի­րի մէջ։ 

Չա­նաք­քա­լէի մէջ Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին նա­խա­տե­սուած ո­գե­կո­չում­նե­րու ծրագ­րին։ Ներ­կա­յիս Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի 100-ա­մեայ տա­րե­լի­ցը նշե­լու ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջի տուեալ­նե­րով, Էր­տո­ղան նշեց, թէ Ապ­րի­լի 24-ի ձեռ­նարկ­նե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րէ պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր­ներ։ 

Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մը փոր­ձա­գի­տու­թեան եւ հա­ւա­տի պայ­քարն էր եւ այդ պայ­քա­րէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ հա­ւա­տը։ «Չա­նաք­քա­լէի յաղ­թա­նա­կը մե­զի հա­մար թէեւ ու­նե­ցաւ մեծ փո­խար­ժէք մը, սա­կայն չմոռ­նանք, որ մեր այ­սօ­րուան ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կը պար­տինք Չա­նաք­քա­լէի մէջ ի յայտ ե­կած այդ հա­ւա­տին, այդ ո­գիին», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս տա­րի յաղ­թա­նա­կի 100-ա­մեա­կին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած են ա­ւե­լի տար­բեր, ա­ւե­լի ծա­ւա­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Ապ­րի­լի 24-ին ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նան մի­ջազ­գա­յին բնոյթ եւ մեծ հա­մախմբ­ման մը մթնո­լոր­տը պի­տի ստեղ­ծեն։ Նա­խա­րար­նե­րուն հետ միա­սին մաս­նա­կից պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու թի­ւը պի­տի հաս­նի յի­սու­նի։ 

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան Չանաք­քա­լէի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ կու­սա­կալ Ահ­մէտ Չը­նա­րի հետ։ Կու­սա­կա­լու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նին նուի­րուե­ցաւ 54-րդ զօ­րա­գուն­դին դրօ­շը։ Չա­նաք­քա­լէի նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձանն ալ այ­ցե­լեց Էր­տո­ղան եւ այս առ­թիւ նա­հա­տա­կաց շի­րիմ­նե­րուն մօտ թո­ղուց մե­խակ­ներ եւ ար­տա­սա­նեց աղօթք։ 

Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ էին իր կո­ղա­կի­ցը՝ Է­մի­նէ Էր­տո­ղան, Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Մեհ­մէտ Մի­ւէզ­զի­նօղ­լու, Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար Ֆէ­րի­տուն Պիլ­կին, Ան­տառ­նե­րու եւ ջրա­յին մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րար Վէյ­սէլ Է­րօղ­լու եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ 

Ծանօթ է, որ միջոց մը առաջ ընդդիմադիր մամուլին մօտ երեւցած էին պնդումներ, ըստ որոնց Չանաքքալէի ոգեկոչման ծրագիրը ձախողման վտանգ կ՚ապրէր։ Այդ լուրերը աւելի վերջ հերքուած էին պաշտօնապէս։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2015