«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը խորհրդատու մը նշանակած է իր Հայաստանի ծրագրերուն համար։ Այդ պաշտօնը յանձնուած է Տքթ. Համազասպ Դանիէլեանին, որ սկսած է գործել տարեմուտի դրութեամբ։ Ան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի պատուիրակը կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ եւ իր պատասխանատուութեան ներքեւ պիտի իրականացուին ծրագրերու պատրաստութիւններն ու հետապնդումները, գործակցական կապերու զարգացումը, ինչպէս նաեւ ան պիտի մասնակցի պաշտօնական եւ աշխատանքային բնոյթով զանազան ժողովներու։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Կը փափաքինք աւելի արդիւնաւէտ ու կանոնաւոր կապ մը հաստատել՝ Հայաստանի ուսումնական, քաղաքացիկան հասարակութեան եւ կառավարութեան զանազան հատուածներուն հետ՝ մեր կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական նպատակները իրականացնելու համար։ Տքթ. Դանիէլեանի ներկայութիւնը մեծապէս պիտի դիւրացնէ մեր աշխատանքը տեղւոյն վրայ»։
Համազասպ Դանիէլեան ցարդ աշխատած է Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Հայաստանի այլ առաջնակարգ կրթական հաստատութիւններու մօտ։ Քաղաքական գիտութիւններու մարզին մէջ մասնագիտացած Դանիէլեանի ակադեմական հետաքրքրութիւնները կ՚ընդգրկեն Հայաստանն ու Սփիւռքը։ Իր հետազօտական եւ դասախօսական գործունէութեան առընթեր, ան աւելի քան տասը տարուան գործնական փորձառութիւն մը ունի՝ ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, տեղական զարգացման եւ քաղաքական կրթութեան ուղղեալ ծրագրերու գործադրութեան եւ վերահսկողութեան շուրջ։