ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹ

Ե­րէկ, Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին հին­գե­րորդ նիս­տը։ Մայ­րա­քա­ղա­քի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին յա­ջոր­դած այս ժո­ղո­վը զօ­րակ­ցու­թեան գա­գա­թի մը նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ։ Ար­դա­րեւ, նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Պա­քուի մէջ, ուր պի­տի այ­ցե­լէր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ ա­ռա­ջար­կեց ժո­ղո­վը տե­ղա­փո­խել Ան­գա­րա ու որ­պէս զօ­րակ­ցու­թեան դրսե­ւո­րում՝ այ­ցե­լել Թուր­քիա։

Էր­տո­ղան եւ Ա­լիեւ ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, որ­մէ վերջ գլխա­ւո­րե­ցին ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Պէշ­թէ­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ Էր­տո­ղան ճա­շա­սե­ղա­նով մըն ալ պա­տուեց ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը։

Ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին Ան­գա­րա­յի եւ Պա­քուի մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան վեց փաս­տա­թուղ­թեր։ Նա­խա­գահ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղին պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ տա­րե­վերջ։ Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուան մէջ կը նա­խա­տե­սուի նոր եր­կաթգ­ծին գոր­ծար­կու­մը։ Բաց աս­տի, Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան ո­րո­շե­ցին թափ տալ TANAP-ի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Կը ծրագ­րուի, որ խո­ղո­վա­կա­շա­րին բա­ցու­մը կա­տա­րուի եր­կու տա­րի վերջ։

Ե­րէկ, Ան­գա­րա­յի մէջ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ալ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի դի­ւա­նա­գի­տա­կան դիւ­րու­թեան։

Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան կը պատ­րաս­տուի Ապ­րիլ 25-26 թուա­կան­նե­րուն այ­ցե­լեց Պա­քու՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ՄԱԿ-ի Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու դա­շին­քի եօթ­նե­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղո­վին։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016