ԽՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ա­թէնք պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րա­սի կող­մէ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ խոր բա­րե­կա­մու­թեան ո­գիի պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն այս այ­ցե­լու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ լուրջ նշա­նա­կու­թիւն։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս կա­րե­ւո­րե­ցին շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը, փո­խա­դարձ ներդ­րում­նե­րու խրա­խու­սու­մը եւ գոր­ծա­րար­նե­րու շփում­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ մեծ դեր վե­րա­պա­հուե­ցաւ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տան­քին։ Ցիփ­րաս հե­ռան­կա­րա­յին հա­մա­րեց Ի­րան-Հա­յաս­տան-Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով Ե­րե­ւա­նի եւ Թեհ­րա­նի ջերմ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, Յու­նաս­տան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը տես­նէ նաեւ Եւ­րո­մու­թեան եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հաս­տատ­ման ա­ռու­մով։ Ցիփ­րաս կը փա­փա­քի ըստ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան նպաս­տել այդ գոր­ծին։ Ան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց նաեւ սա­տա­րել Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման՝ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տին հասց­նե­լու հա­մար կող­մե­րու մի­ջեւ սկսած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Սարգ­սեան եւ Ցիփ­րաս կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։

Նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցան պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին ստո­րագ­րուե­ցան շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր։ Սարգ­սեան եւ Ցիփ­րաս սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ Հա­յաս­տան եւ Յու­նաս­տան ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի ամ­րապնդ­ման հա­մար։ Իր կար­գին, Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան պատ­րաստ է ըն­դու­նիլ այն բո­լոր սու­րիա­հա­յե­րը, ո­րոնք ո­րո­շած են հե­ռա­նալ Սու­րիա­յէն։

Ա­թէն­քի մէջ Ցիփ­րաս ընդգ­ծեց նաեւ, թէ Յու­նաս­տան կը սա­տա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ ցան­կու­թիւն ու­նե­նա­լով տես­նել տա­րած­քաշր­ջա­նի զար­գա­ցու­մը խա­ղա­ղու­թեան, անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։

Ա­թէն­քի շփում­նե­րուն վեր­ջին օ­րուան շրջագ­ծով Սերժ Սարգ­սեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Յու­նաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նի­քոս Վու­ցի­սի հետ։

Յու­նաս­տա­նէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան դար­ձեալ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Յու­նա­կան Կիպ­րոս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի կող­մէ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016