ԿՈԹՈՂԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Ցաւով տեղեկացանք, թէ երէկ հռչակաւոր մորթաբան Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի Էմիրկեանի բնակարանին վրայ գործուած է յարձակում մը։ Յետմիջօրէին պատահած դէպքին ընթացքին իր կողակիցը՝ Սիւզան Կոթողեան բռնութեան ենթարկուած է յարձակողներուն կողմէ ու վիրաւորուած՝ լրջօրէն։ Դէմքերը դիմակով ծածկած երեք հոգի ներխուժած են Կոթողեան ընտանիքի բնակարանը, ուր Սիւզան Կոթողեանը կապելով գործադրած են բռնութիւն՝ պողպատեայ արկղի գաղտնագիրը սորվելու համար։ Կողոպուտի յանցագործները խոյս տուած են գողնալով 1.5 միլիոն լիրա։
Դէպքէն անմիջապէս վերջ Սիւզան Կոթողեան առնուած է բժշկական խնամքի տակ եւ անհրաժեշտ դարմանումէն վերջ՝ վերադարձած բնակարանը։
Ոստիկանութիւնն ալ հարցաքննութեան ձեռնարկած է այս դէպքին կապակցութեամբ, ուսումնասիրելով նաեւ մերձակայ անվտանգութեան տեսախցիկներուն տեսագրածները։