Հայաստանի Մէջ Ֆրանսախօս Երկիրներու ԵրկամսեակԸ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Հայաստանի մէջ Մարտի 20-ին պիտի նշուի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրը։
2016-ին Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակին առընչութեամբ՝ շուրջ երկու ամիս շարունակ` Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, Երեւանի եւ Հայաստանի շարք մը մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան շուրջ վեց հարիւր ֆրանսախօս երկիրներու մշակութային, համալսարանական եւ հանրակրթական ձեռնարկներ: Ասիկա բացառիկ ցուցանիշ մըն է, որ երբեւէ արձանագրուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրուան առընչութեամբ կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Ձեռնարկներ պիտի իրականացուին շարք մը թանգարաններու, գրադարաններու, համալսարաններու, հանրակրթական, արուեստի ու երաժշտական դպրոցներու մէջ` ներգրաւելով նաեւ երիտասարդութիւնը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէն համակարգուող ֆրանսախօս երկիրներու այս մեծ իրադարձութեան կազմակերպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են Հայաստանի Մշակոյթի, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները, Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմինները եւ Հայաստանի համայնքներու միութիւնը:
Հարկ է նաեւ նշել, որ երկամսեակի յագեցած ծրագրի ապահովման գործին իրենց զգալի ներգրաւուածութիւնը ունեցած են Ֆրանսախօս երկիտրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ երկիրներու, մասնաւորապէս` Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Գանատայի եւ Լիթվիայի դեսպանութիւնները` կազմակերպելով այս առիթով բազմազան ձեռնարկներ: