ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք ե­րէկ այ­ցե­լեց Ան­գա­րա, ուր Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։ Ան­գա­րա­յի ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին Թուր­քիա եւ ԵՄ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց հա­սա­րա­կաց դիր­քո­րո­շու­մը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը սպառ­նա­լիք մըն է հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար, ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մեծ փոր­ձու­թիւն մը մարդ­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիա եւ ԵՄ միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շում մը որ­դեգ­րած են այս մեծ վտան­գին դի­մաց։ Թուսքն ալ շեշ­տեց, թէ Թուր­քիոյ հետ զօ­րակ­ցու­թեան մէջ կը գտնուին ու կը ցա­ւակ­ցին ա­մե­նա­խո­րազ­գած ձե­ւով։

Տա­վու­տօղ­լու եւ Թուսք քննար­կե­ցին գաղ­թա­կա­նաց խնդիր­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս ա­ռաջ­նա­հերթ դար­ձած են կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Թուր­քիա-ԵՄ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջար­կը կրկնուած է։ Թուր­քիա այդ ա­ռա­ջար­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ի­րեն վի­ճա­կած բա­րո­յա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան շրջագ­ծով։ Այդ ա­ռա­ջար­կի հիմ­քին կը գտնուի մարդ­կա­յին չա­փու­մը։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց նաեւ, թէ Թուր­քիա եր­բեք գու­մար­նե­րու սա­կար­կու­թիւն չէ ը­րած եւ հա­մո­զուած է, թէ պէտք է կա­նո­նա­ւոր գաղթ մը ա­պա­հո­վել։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016