ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Վար­չա­պետ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեան վեր­ջին օ­րե­րուն այց մը տուաւ Լի­բա­նան։ Այս շրջագ­ծով Ար­ցա­խի վար­չա­պե­տին կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը եր­կու ա­ռիթ­նե­րով գտնուե­ցաւ Ան­թի­լիա­սի մէջ։ Ե­րէկ, Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեան ըն­դու­նուե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր։ Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Նոր Կի­լի­կիա գիւ­ղի վե­րա­շի­նու­թեան ըն­թաց­քին՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ Ար­ցա­խի տնտե­սա­կան բա­րե­լաւ­ման եւ ա­նոր հզօ­րաց­ման ի նպաստ ծրագ­րե­րուն Սփիւռ­քի կող­մէ ա­ւե­լի գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան մըն է։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը զրոյ­ցէն վերջ ճա­շա­սե­ղա­նով մըն ալ պա­տուեց Ար­ցա­խի վար­չա­պե­տը։

Հարկ է նշել, որ շա­բա­թա­վեր­ջին ալ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեան այ­ցե­լած էր Ան­թի­լիա­սի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րը, ուր ներ­կայ գտնուած էր Ս. Պա­տա­րա­գին։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ան Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ ըն­դու­նուած էր Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016