ՆՈՐ ՀԵՐԹԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Սուրիոյ տագնապը արդէն թեւակոխած է 9-րդ տարին։ Բառին բուն իմաստով աղէտի մը ժամանակաշրջանը կը բնորոշէ այս ճգնաժամը։ 9-րդ տարելիցին առթիւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս համատեղ յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վարչախումբին եւ անոր պաշտպաններուն՝ Ռուսաստանին եւ Իրանին, որպէսզի կասեցնեն սպանդները։ Շեշտուեցաւ, որ այս տագնապին հետեւանքով 11 միլիոն հոգի դարձած է տեղահան եւ 500 հազար հոգի զոհուած է։ Ըստ նոյն յայտարարութեան, Սուրիոյ բանակը կը թիրախաւորէ քաղաքային ժողովուրդը եւ այս յարձակումներն ալ պէտք է կասեցուին ժամ առաջ։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը երբեք չի կրնար արդարացնել մարդու իրաւանց միջազգային իրաւունքի ոտնահարումը եւ բախումներու շարունակուիլը։ Սուրիոյ իշխանութիւններուն Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ անհեռատես յարձակումները, առողջապահութեան եւ մարդասիրական ենթակառուցուածքներու քանդումը աննախընթաց մարդասիրական տագնապի մը պատճառ կը դառնայ։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ Ուաշինկթըն, Լոնտոն, Պերլին եւ Փարիզ մասնաւորապէս անդրադարձած են Իտլիպի իրավիճակին։ Արդարեւ, Իտլիպի յարձակումներուն հետեւանքով 1 միլիոն հոգի դարձած է տեղահան։ Ուստի, Իտլիպի պարագային Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյացած հրադադարը պէտք է շարունակուի եւ այդ մէկը պէտք է ապահովուի ամբողջ երկրի պարագային։ Միջազգային յառաջատար դերակատար այս չորս երկիրները շեշտած են, որ պիտի շարունակեն Սուրիոյ ի նպաստ մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարել։ Բայց եւ այնպէս, տագնապի քաղաքական կարգաւորման համար առանց վստահելի գործընթացի մը սկիզբ առնելու՝ անոնք որեւէ ներդրում պիտի չկատարեն Սուրիոյ վերակառուցման համար։ Վարչախումբի պատճառ դարձած մարդասիրական ճգնաժամի հաշուեյարդարին ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու պատրաստակամութիւն յայտնած են այս չորս երկիրները, որոնք պիտի ջանան ապահովել՝ մարդկութեան դէմ յանցագործութեան կամ պատերազմական յանցագործութիւններու միջամուխ դարձած անձերու դատուիլը։

ՀԵՐԹԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, մարտի 5-ին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռքբերուած համաձայնութեան հիման վրայ՝ երէկ երկու երկիրներու զօրքերը ձեռնարկեցին իրենց առաջին հերթապահութեան Իտլիպի մէջ։ Հերթապահութիւնը սկսաւ «M4» մայրուղիի ուղղութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այդ մայրուղին ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Ազգային Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ սա յիշեալ ուղղութեան վրայ առաջին հերթապահութիւնն էր։ Ցամաքային եւ օդային զօրքերու մասնակցութեամբ իրականացուած է հերթապահութիւնը, որու ժամանակ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առնուած են՝ կանխելու համար հաւանական խափանարարութիւները։ Հերթապահութեան ժամանակ սահմանէն անցքերն ալ սահմանափակուեցան։ Դէպի Իտլիպ բացուող անցակէտերէն միայն թոյլ տրուեցաւ օգնութեան բեռնատարներու անցքին։ Մնացեալ բոլոր ինքնաշարժներու ելքն ու մուտքը կասեցուեցան։ Թրքական եւ ռուսական զօրքերու հասարակաց համակարգման կեդրոններու անմիջական շփման մթնոլորտին մէջ իրականացուեցաւ հերթապահութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020