ԱՐՄԱՒԻՐԻ ՄԷՋ ՄՐՑՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մինչեւ 17 տարեկաններու ֆութպոլի կանանց հաւաքականները երէկ հանդիպում մը ունեցան՝ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի կանանց առաջնութեան որակաւորման փուլի շրջանակին մէջ։

Հիւրընկալ երկիրն էր Հայաստան, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արմաւիրի մարզադաշտին վրայ։ Թրքական ընտրանին 4-0 հաշուով յաղթական դուրս եկաւ խաղէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2022