ԹՈՒԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք.-

Վերջապէս տեղի ունեցաւ «Ապագայ հայկականը»ի համաժողովը Երեւանի մէջ, 10-12 մարտին, երեք օրուան վրայ։ Այս ընթացքին ամէն օր քննարկուեցաւ նախատեսուած երեք նպատակներէն մէկը՝ «Պատմական պատասխանատուութիւն», «Հայաստան-սփիւռք միասնականութիւն» եւ «Բնակչութեան աճ»։

Համաժողովը եզակի էր իր ձեւաչափով։ Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ որդեգրուեցաւ քաղաքացիական հաւաքի (as-semblée citoyenne) ձեւը։ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն մասնակցեցաւ 100-ական հոգի՝ ընտրուած համակարգչային ծրագրով, մասնակցութեան փափաք յայտնած 5714 անձերու մէջէն։ Մի քանի տարիէ ի վեր առցանց հանրային քուէարկումով ընդունուած էին 15 գերակայ նպատակներ, որոնցմէ վերոնշեալ երեքը քննութեան արժանացան այս անգամ։ Նախքան համաժողովը փորձագիտական յանձնախումբեր 5 ամիսներու երկայնքին ուսումնասիրած էին այդ 3 նպատակները եւ անոնց եզրակացութիւնները՝ իբրեւ առաջարկ, ներկայացուեցան համաժողովի անդամներուն, որոնք իրենց կարգին, իրենց խորհրդածութիւններով եւ առաջարկներով լրացուցին, ճոխացուցին եւ քննարկումի աւարտին ժողովականներու առաջադրութիւնները քուէարկեցին։

«Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը արտասովոր է իր անուանով, իր հարցադրումով եւ գործելաոճով։ «Ապագայ հայկականը» տարազը ինքնուրոյն հայկականի որոնումի հարց կը դնէ։ Արագութեան ժամանակաշրջանին, թուային յեղաշրջումներու, անգլերէնի տիրապետութեան, տնտեսութեան համաշխարհայնացումի, միջազգային օրէնքի ոտնակոխումի, գաղթականութեան, մարդկային զանգուածային տեղաշարժի, խառն ամուսնութիւններու, մշակոյթներու ներթափանցումի, բնապահական աղէտներու ազդեցութեան տակ ի՞նչ մնացած է ժողովուրդներու եւ պետութիւններու ինքնութենէն, մշակութային ինքնուրոյնութենէն։

Հայութիւնը հաստատ այս հարցադրումին կեդրոնին կը գտնուի՝ իր սովետական ժառանգութեամբ, սփիւռքի գոյութեամբ, Արցախի տագնապով, ցեղասպանութեան պատմութեամբ, Ռուսական, Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններու միջեւ տարանջատուած…։ Այսօր հանրային մշակութաբանական խօսոյթին, ռազմավարական տեսութիւններու սահմանումին մէջ, յաճախ կը հանդիպինք հայութեան ապագային մասին՝ հայաստանակեդրոն, սփիւռքակեդրոն, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւն, արեւմտամէտ, ռուսամէտ, արեւելահայ, արեւմտահայ... նման ընդհանրական բառակապակցութիւններու, որոնք հայութեան ինքնութեան տարբեր պատկերացումներ կը սահմանեն։

Եւ ի՞նչ պատկերացում կը յուշէ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը։ Տարօրինակ բառակապակցութիւն։ Ապագան, ո՞ր ապագան։ Ո՞ր հորիզոնի ապագան։ Բառակապակցութիւնը տարօրինակ է, որովհետեւ գալիք ժամանակները նշող «ապագայ» բառը, որ թէ՛ գոյական է եւ թէ ածական, այստեղ գործածուած է իբրեւ ածական, իսկ ինքնութիւնը բնորոշող ածական՝ «հայկականը» դարձած՝ գոյական։ «Ապագայ հայկականը» չունի ուղղակի յղում հայ անհատի կամ աշխարհագրական հողամասի, ինչպէս Հայաստանի, սփիւռքի…։ Այս դերերու փոփոխութիւնը միտք թարմացնող ազդակ է։

Որքան ալ վերացական թուի այս խորագիրը, (նա՛եւ մերօրեայ մտահոգութիւններուն՝ պատերազմի, Արցախի անկախութեան, արտագաղթի, սփիւռքի հայութեան տագնապի նկատմամբ) զայն մտայղացողները, սակայն, խելքերնին լաւ աշխատցնող, ոտքերնին ամուր գետիններու ամրացուցած անձեր են. հինգ-վեց ընկերներ, միջազգային ճանաչում գտած, տնտեսական, գիտական, դրամատիրական ասպարէզին մէջ յաջողած անձեր են, որոնք տարիներ շարունակ հայկական աշխարհին մէջ շատ աշխոյժ, մեծածաւալ գործունէութիւն ունեցած, ծրագրեր մշակած եւ իրագործած են ըլլա՛յ կրթական, ըլլա՛յ հասարակական, ըլլա՛յ մշակութային, ըլլա՛յ պատմական. Աւրորա մրցանակ, ԻԴԵԱ, Դիլիջանի միջազգային դպրոց, Տաթեւի թեւեր, ՄԱՏԵՆԱ նախագիծ, հիմնադրամ…։

Յառաջիկայ տարուան ընթացքին դարձեալ պիտի գումարուի համաժողովը քննարկելու երեք այլ նպատակներ, որոնք ընտրուեցան քուէարկութեամբ։ Առաջին անգամ ըլլալով ժողովականները մասնակից կը դառնան օրակարգի ընտրութեան, իրաւունք կը ստանան քուէարկելու այս կամ այն առաջարկին թեր կամ դէմ։ Եւ, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը չէ, այլ համակարգչային ծրագիրն է, որ կ՚ընտրէ մասնակիցները։ Նոր ժամանակներ, նոր գործելակերպեր:

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023