ՄԵՐ ՍՈՒՐԲԵՐԸ…

-Ո՞վ եղած էր կամ եղած էին մեր առաջին սուրբը կամ սուրբերը, Թադէո՞ս թէ ոչ Բարթողիմէո՞ս առաքեալները եւ կամ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Ըսէ՛ք տեսնեմ, հայտէ՛ ըսէ՛ք, դուք որ կը կարծէք, թէ շատ բաներ գիտէ՛ք:

Տարիներ առաջ էր, երբ բարեկամներէս մէկուն, ընտանեկան այցելութեան ընթացքին, մտերմիկ եւ սակայն նոյնքան ալ տաք մթնոլորտին մէջ, յանկարծ տանտէրը այս հարցումը ուղղած էր մեզի՝ բոլոր ներկաներուս:

Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, անձնապէս նախ յանկարծակիի գալով, շուարեցայ ու զարմացայ ու մտովի բողոքեցի, որովհետեւ ինծի համար այս հարցը «շատ բաներ գիտնալուն» հետ կապ մը չունէր:

Անցնող քանի մը ժամերուն ընթացքին գինիի եւ օղիի գաւաթներով շրջապատուած, երբ իրերայաջորդ կերպով քիչ մը գրականութիւն, քիչ մըն ալ աշխարհի տնտեսական եւ մանաւանդ քաղաքական նիւթեր ու հարցեր խօսելէ, շօշափելէ եւ կամ լաւ մը «ծեծելէ» ու նոյնիսկ որոշումներ եւ թելադրանքներ տալէ ետք, այս հարցումը կու գար տակառով լեցուն պաղ ջուրը թափել ու մեր կէս գինով եւ յոգնած ջիղերը սառեցնել:

Չես գիտեր ի՞նչ բանէ մղուած, մեր տանտէր-բարեկամը այս հարցումը յանկարծ «ածած» էր: Տեղին կամ անտեղի. իր գիտնալիքն էր: Մի՛ մոռնաք, որ ամէն մարդ խօսելու ազատ է: Հոս Ամերիկա է, տեւաբար կ՚արդարացնէի մտովի:

Թերեւս իր կրօնամոլութենէն կամ եկեղեցասիրութենէն եւ կամ ալ ուրիշ գաղտնի պատճառներէ մեկնած եւ կամ ալ մեզմէ մէկուն «նեղ տեղը ձգելու» եւ թերեւս ալ պարզապէս «բան մը ըսելու» մարմաջէն մղուած յանկարծ մէջտեղ նետած էր այս «գնդակը» ու կը փորձէր մեր մտքերուն հետ խաղալ, կը մտածէի լրջօրէն:

Վայրկեանին, իւրաքանչիւրս բան մը կռահելով, իբրեւ պատասխան՝ տուաւ իր ենթադրածը: Տանտէրը մեր պատասխանները մէկական «գիւտեր» անուանելով եւ մանաւանդ չգոհանալով ո՛չ միայն մեզ բոլորս մերժած էր, այլեւ մեզի թելադրած՝ որ «քանի մը օր լաւ մտածէինք», «չորս կողմ հարցնէինք», կամ «գիրքեր պրպտէինք» եւ ապա իրեն պատասխան մը տայինք: Միայն անկէ ետքն էր, որ ինք իր պատասխանը «պիտի յայտարարէր»:

Այս էր իր վերջնական որոշումը:

Այնպէս կ՚երեւէր, թէ այս մարդը յատկապէս այս օրերուն ուրիշ հոգ, մտահոգութիւն, հարց ու տագնապ մը չունէր ու հիմա քաջաբար իր այդ միակ եւ մեծ մտահոգութիւնը մեզի կը փոխանցէր:

Է՜հ, վերջին հաշուով մենք աշակերտներ չէինք եւ ոչ ալ իր տունը հաւաքուած էինք դպրոցական տարեվերջի քննութիւն մը տալու համար:

Եւ կարծես, անպիտանը յաջողած էր իր այս «առաքելութեան» մէջ, որովհետեւ իմ կարգիս, հարցումը ոչ միայն կլանած էր ամբողջ միտքս ու էութիւնս, այլ այս անգամ տուն վերադարձիս զիս ալ նետած էր նոր հարցում-մտմտուքներու անիմաստ թակարդի մը մէջ, որովհետեւ այս «քննութեան» յաջորդող օրերը ինծի համար տեւական մտածումի եւ մտային անհանգստութեան պահերով լեցուն օրերու վերածուած էին:

Նախ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անմիջապէս յիշեցի, որ վերջերս Հռոմի Պապը, իր կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբերուն շարքին, նոր սուրբ մըն ալ աւելցուցած էր: Ի՜նչ լաւ բան… գնահատանքի, սիրոյ եւ երախտագիտութեան հրապարակային արտայայտութիւն, կ՚ըսեմ մտովի:

Ու անկեղծօրէն, իբրեւ բարի նախանձի ծնունդ, այս մէկը պատճառ դարձած էր, որ ես զիս առաջնորդէի կամ նետէի նոր հարցումներու մը լայն գիրկը:

Այսպէս.-

Ի՞նչ ըսել է սուրբ…, ո՞վ է սուրբը…, ո՞վ կրնայ սուրբի աստիճան ստանալ… եւ ինչո՞ւ… ո՞վ իրաւունք ունի սուրբի աստիճան շնորհել եւ ինչպէ՞ս եւ կամ ինչո՞ւ… եթէ մեր դարերու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին սուրբը Թադէոս կամ Բարթողիմէոս առաքեալները եւ կամ ալ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ կամ ալ բարեկամիս մտքին մէջ եղած անձը կամ անձերը եղած էին, հապա մեր վերջին սուրբը ո՞վ եղած էր… ե՞րբ պիտի կարենանք ունենալ նոր սուրբ մը… եւ ինչո՞ւ… եւ ի՞նչ առիթով… արդեօք պարզ մարդ անհատը կամ հոգեւորականը ինչպէ՞ս կրնայ սուրբերու աստիճանին դասուիլ…, արդեօք աշխարհական մը կրնա՞յ սուրբ կոչուիլ… եւ ինչո՞ւ… արդեօք «հայր սուրբ» անուանուած հոգեւորականը իսկապէս «սո՞ւրբ» է, որ իրեն այդ անունով կը ճանչնանք… կամ ալ ինչո՞ւ... հապա՞ տէր հայր մը, կամ սրբազան մը եւ կամ կաթողիկոս մը կրնա՞յ մեր սուրբերու շարքին դասուիլ... ե՞րբ…. անոնք ալ կրնա՞ն իբրեւ սուրբեր յիշատակուիլ…, ինչպէ՞ս… արդեօք Էջմիածինը, թէ ոչ՝ Անթիլիասը կրնա՞յ այս մէկը ճշդել կամ որոշել եւ կամ յայտարարել… հապա՞ Պոլսոյ կամ Երուսաղէմի պատրիարքները… արդեօք անոնք ալ նոյնչափ իրաւունք ունի՞ն կամ խօսք՝ այս անուանումներուն յատուկ իրենց նախասիրած անձը արձանագրել կամ ներկայ ցանկին վրայ յաւելումներ կատարել:

Անկեղծ ըսելով այդ օրուընէ ի վեր, նման նոր մտմտուքներով սկսած էի զբաղուիլ ամէն վայրկեան:

Մտքիս մէջ այս զիրար հրմշտկող, անկարգ ու անհամբեր շարքով եւ որոշ պատասխանի մը սպասող հարցումները, մոռացութեան անդունդը նետած էին բարեկամիս այդ օրուայ մեզի ուղղած «անմեղ» եւ կամ «կասկածելի» հարցումը:

Ինծի համար մէկ բան յստակ էր, թէ հիմա իմ այս բոլոր «արդեօք»ներս, «ինչու»ներս եւ «երբ»երս, ո՛չ թէ ուշ մնացած ապրումներու մը սկիզբն էին, եւ ո՛չ ալ կեանքիս խաւարը ճառագայթելու միտումներ ունէին, այլ՝ իսկապէս լուրջ բնոյթ կրող այժմէական հարցերու խուրձ մըն էին, որոնց պատասխանները կամ լուծումները պիտի կարենային որոշ գոհունակութիւն պատճառել ինծի:

Ներկայիս, երբ մէկ կողմէ օտարամուտ բարքեր մեր առօրեայէն ներս կը ներխուժեն, հաւատացէք որքա՜ն կարիքը ունինք արժէքներու եւ անոնց ծանօթացման եւ արժեւորման եւ որոնք մեր նոր սերունդին պիտի տան հայ մարդու աւանդական դիմագիծին դրական կողմերը։

Կար ժամանակ, երբ մարդիկ աւելի տոկուն էին իրենց հաւատքին մէջ, աւելի խոնարհ՝ իրենց ծառայութիւններուն մէջ եւ աւելի ուղղամիտ՝ իրենց կեցուածքներուն մէջ։ Հիմա անոնցմէ շատեր արդէն կը հեռանան կամ հեռացած են ու մեր կեանքերը լեղի համ սկսած են ստանալ:

Արդեօք անոնցմէ որեւէ մէկը ցարդ արժանի չէ՞ «սուրբ» անուանուելու կամ սուրբերու շարքին դասուելու:

Չեմ գիտեր:

Ամէն մարդ իրաւունք ունի մտածելու: «Մտածումը մտքի երգն է», ըսած են մեր մեծերը, ուստի ձգենք, որ մեր միտքը իր հարազատ սրտէն բխած երգը երգէ:

Մեր պատմութիւնը տակաւին թարմ է. վկայ է ու կը շնչէ, ու ես նման մտածումներովս ուրիշ աշխարհէ մը չէ որ կու գամ:

Միւս կողմէ երբեք կասկած չունէի եւ չունիմ ունեցած հաւատքիս վրայ, որովհետեւ իբրեւ քահանայի հարազատ թոռ, հաստատ գիտէի, որ իմ հաւատքս երկար տարիներէ ի վեր իր յստակ եւ որոշ ճամբան ունէր արդէն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023