ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ «ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅԵՐ» ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Այս շաբաթավերջին Փարիզի մէջ նախատեսուած է եզակի հաւաքոյթ մը։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, աշխարհի բոլոր կողմերէն ծանօթ հայեր պիտի համախմբուին այս առթիւ։ Ձեռնարկին շարժառիթն է «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 15-ամեակը եւ այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է պարգեւատրման արարողութիւն մը։
«Ծագումով հայեր 2023» մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեսիրական հիմնադրամի հովանիին ներքեւ եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ կը գտնուին ամենատարբեր ոլորտներէ աւելի քան 200 անուանի հայեր, որոնք կը պարգեւատրուին Շարլ Ազնաւուրի անուանական ոսկէ շքանշաններով եւ պատուոյ գիրերով։
Հարկ է նշել, որ Իսթանպուլէն ալ պիտի ըլլան պարգեւատրեալներ, որոնց շարքին կը գտնուին Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք։