ՀԻՄԱ ԱԼ՝ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ

Վարչապետ Փաշինեանի ասուլիսի հիմնական պատգամը, անշուշտ, այն էր, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնել Տաւուշի մարզին մէջ, քանի որ անոնք «մերը չեն»: Ճիշդ է, սա ուղիղ չէ ըսուած՝ ուղերձը քօղարկուած էր (…) հաստ շերտի տակ եւ այդ շերտը նիկոլական զանգուածին համար գուցէ եւ միանգամայն համոզիչ է:

Բայց խօսքը այստեղ ո՛չ թէ Փաշինեանի անվիճելի հռետորական տաղանդին մասին է, այլ գործնական հետեւանքներու մասին: Իսկ գործնական հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ ցամաքային հաղորդակցութիւնը Վրաստանի հետ խիստ պիտի դժուարանայ, ինչպէս դժուարացած է Իրանի պարագային, որովհետեւ Գորիս-Մեղրի մայրուղիի որոշ հատուածներ նոյնպէս «մերը չէին»: Եւ այսպէսով, ցաւօք, զիջումները չեն սահմանափակուիր, որովհետեւ Ատրպէյճանի պահանջներու ցուցակը գործնականին մէջ անվերջանալի է:

Իսկ ինչի՞ հիման վրայ է, որ հետզհետէ աւելի ու աւելի շատ տարածքներ կը դառնան «ոչ մերը»: Փաշինեանի «ամենասիրելի» փաստաթուղթերէն մին է, անշուշտ, 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրը: Հաւանաբար, այդ հռչակագրի ինչ-որ գաղտնի յաւելուածին մէջ կ՚ըսուի, որ Ատրպէյճանին կարելի է զաւթել Ջերմուկի եւ Սեւանի մօտակայքի բարձունքները, որոնք բոլոր հնարաւոր քարտէսներով Հայաստանի տարածք են:

Վարչապետը ընդհանրապէս իր անողնայար քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար կը սիրէ վկայակոչել տարբեր փաստաթուղթեր: Օրինակ, 1996 թուականի Լիզպոնի ԵԱՀԿ-ի գագաթաժողովի արդիւնքներով ընդունուած՝ այդ կազմակերպութեան գործող նախագահի յայտարարութիւնը (բանաձեւին վրայ Հայաստանը վեթօ դրած էր), որ կը պարզուի, «կը փակէ» Արցախի ինքնորոշման հարցը: Նոյն նիկոլական զանգուածին «արժանի» փաստարկ:

Վերջին ասուլիսին այս առումով թարմ «փաստարկ» մը ներկայացուեցաւ՝ Սովետական մեծ հանրագիտարանը: Ինչ խօսք, շատ հեղինակաւոր աղբիւր մըն է, որով 2024 թուականին պէտք է առաջնորդուի անկախ պետութեան ղեկավարը:

Թէ, եթէ սա այնքան հեղինակաւոր է, կ՚առաջարկեմ առաջնորդուիլ նաեւ Հայկական սովետական հանրագիտարանով: Մասնաւորապէս, այդ հանրագիտարանի՝ 1982 թուականին լոյս տեսած 8-րդ հատորին մէջ կայ Գարեգին Նժդեհի մասին յօդուած: Մի քանի մէջբերում ընեմ. «Նժդեհ Գարեգին, դաշնակցական զինուորական գործիչ… 1920 թուականի մայիսին… ճնշած է Զանգեզուրի աշխատաւորութեան զինուած ապստամբութիւնը… Եղած է դաշնակցականներու 1921-ի փետրուարի խռովութեան գործուն կազմակերպիչներէն… Զանգեզուրի ազատագրումէն յետոյ փախած է արտասահման»:

Եթէ Ատրպէյճան պահանջէ, որ մենք փոխենք մեր պատմութեան դասագիրքերը, մենք արդէն, որոշակի՝ անոնց հաճոյ «հիմքեր» ունինք:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024