ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԽՄԲԱՎԱՐ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՍՓԻՎԱՔՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ռու­սաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­ար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր վա­րիչ, աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար եւ խմբա­վար Վլա­տի­միր Սփի­վա­քով նա­խըն­թաց օր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մեր­գը, «Վլա­տի­միր Սփի­վա­քո­վը կը հրա­ւի­րէ…» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ձեռ­նար­կը պա­տուե­ցին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան։

Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ այս հա­մեր­գը, որ ձօ­նուած էր 2015-ի տա­րե­լի­ցին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015