Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ
Թուրքիոյ Ֆութպոլի հիմնարկի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Ճանտէմիր Պերքմանի կողմէ գլխաւորուած այս վարչութեան փոխ-նախագահներէն մին է Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Նոյն հիմնարկին մօտ վարչական պատասխանատուութիւններ ունին նաեւ Կարօ Համամճեան եւ Արամ Քուրան։
Նորընտիր վարչութեան անդրանիկ ժողովին ընթացքին սկզբունքային որոշում ընդունուեցաւ, որպէսզի կրթական բնոյթով նիւթերուն ընծայուի առաջնահերթութիւն։ Մարզիկի առողջապահութեան վերաբերեալ հարցերն ալ նոյնպէս պիտի գտնուին նորընտիր վարչութեան ուշադրութեան կիզակէտին։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015