Եւրոպայի Ախոյեաններ
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյենութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր առաջին մետայլներուն:
77 քկ. դասակարգին մէջ Անդրանիկ Կարապետեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Տիգրան Մարտիրոսեան հանդիսացաւ արծաթէ մետայլակիր:
Կարապետեան բարձրացուց 367 քկ. (170+197), իսկ Մարտիրոսեան՝ 352 քկ. (160+192):
Միւս կողմէ, Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյենութեան ծիրին մէջ, տեղի ունեցան աղջկանց 69 քկ. դասակարգի մրցումները:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նազիկ Աւտալեան:
Հայազգի 29 տարեկան մարզիկը բարձրացուց 237 քկ. (105 եւ 132):
Մինչ այդ, Աւտալեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր նաեւ 2009 թուականին:
Ախոյեան հանդիսանալէ կարճ ատեն մը ետք Նազիկ Աւտալեան ըսաւ, որ իր այս յաղթանակը կը նուիրէ Արցախի մէջ կռուող բոլոր հայ զինուորներուն: