ՀԲԸՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԸ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) ներ­կա­յիս կ՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ, ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի Բա­րե­րար­նե­րու ճե­մու­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Վեր­յի­շուե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի հիմ­նա­դիր Պօ­ղոս Նու­պար փա­շա, ո­րու կի­սանդ­րին կը գտնուի այդ ճե­մու­ղիին մէջ։

ՀԲԸՄ-ի սկաուտ­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց յար­գան­քը Պօ­ղոս Նու­պա­րի յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ եւ ծաղ­կեպ­սակ մը թո­ղու­ցին իր կի­սանդ­րիին մօ­տ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016