ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բո­լոր հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ կը շա­րու­նա­կէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին Ար­ցա­խի վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գոր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կու­մը ար­դէն բա­ւա­րար հիմք մը դար­ձած է՝ որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը վեր­յի­շէ այս հիմ­նախնդ­րին հրա­պատ բնոյ­թը։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ռազ­մա­կան կո­մի­տէին ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին եւս ար­ծար­ծուե­ցաւ հիմ­նախն­դի­րը։ ՀԱՊԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա եւ ան­դամ եր­կիր­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րը ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին վե­րա­հա­սու դար­ձան Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն։ Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ Եու­րի Խա­չա­տու­րով այս առ­թիւ իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց հայ­կա­կան կող­մին լուրջ մտա­հո­գու­թիւ­նը։ Ան շեշ­տեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ան­մեղ մար­դիկ զո­հուած են, նե­րա­ռեալ խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ։ Այս հար­ցին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում։

ՀԱՊԿ-ի ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ար­ծար­ծուե­ցան Կով­կա­սի տա­րած­քա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին։ Հա­ւա­քա­կան հան­դիպ­ման ա­ռըն­թեր Սերժ Սարգ­սեան ա­ռան­ձին տե­սակ­ցու­թիւն մըն ալ ու­նե­ցաւ Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա­յի հետ։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ հար­ցը շօ­շա­փեց Փե­քի­նի մէջ՝ Չի­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Վան Եիի հետ ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։ Նալ­պան­տեան ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Ան կանգ ա­ռաւ նաեւ կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ Հա­յաս­տա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն վրայ ու շեշ­տեց, թէ ա­նոնք հա­մա­հունչ են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող միակ ձե­ւա­չա­փին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու միաս­նա­կան դիր­քո­րոշ­ման։ Վան Եի վե­րա­հաս­տա­տեց Փե­քի­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ հիմ­նախնդ­րի բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

ԷՐ­ՏՈ­ՂԱ­ՆԻ Ե­ԼՈՅ­ԹԸ

Միւս կող­մէ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ դար­ձեալ անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան՝ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին։ Ծա­նօթ է, որ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ եւ վեր­ջին օ­րե­րուն այս հար­թա­կին վրայ միշտ օ­րա­կար­գի վրայ էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Ժո­ղով­նե­րու եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին Էր­տո­ղան ե­րէկ ը­սաւ, թէ շուրջ քսան­հինգ տա­րիէ ի վեր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ կը գտնուի հա­յոց բռնագ­րաւ­ման տակ։ Հա­կա­ռակ ՄԱԿ-ի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին ի նպաստ տրուած ո­րո­շում­նե­րուն, այս հիմ­նախն­դի­րը տա­կա­ւին չէ կար­գա­ւո­րուած։ Էր­տո­ղան կրկնեց, որ ի­րեն հա­մար ան­հասկ­նա­լի մնալ կը շա­րու­նա­կէ այն հան­գա­ման­քը, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի համ­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան եւ Ֆրան­սա չեն կրնար լու­ծում մը ա­պա­հո­վել հիմ­նախնդ­րին։ Էր­տո­ղան կրկնեց նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի պայ­քա­րին ի նպաստ Թուր­քիոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016