ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՉՈՐՍՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ՓՈՒԼԸ
Ղարաբաղեան չորսօրեայ պատերազմը կը գտնուի մեր ետին: Հակամարտող կողմերը կը շարունակեն իրենց կրած մարդկային կորուստները ներկայացնել: Վերջին տուեալներով՝ հայկական բանակը ունի իննսունհինգ զոհեր, մինչ Ատրպէյճանի մեզի յայտնի լրատուամիջոցները հատուկենտ տեղեկութիւններ տալով կը շարունակեն մշուշապատ մթնոլորտ մը ստեղծել իրենց ունեցած մարդկային կորուստներուն մասին: Զինուորական լրագրութեան յայտնի կանոններուն համաձայն, նախայարձակ եղած կողմը պէտք է առնուազն եռապատիկ աւելի զոհ ունենայ քան պաշտպանուող կողմը: Սա արդէն կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի բանակին զոհերը կրնան հասնիլ երեք հարիւրի: Հայկական ճակատին վրայ տարբեր մեկնաբաններ Ատրպէյճանի շղթայազերծած գրոհը կը ներկայացնեն, որպէս արագ հարուածով մը հայկական սահմանապահ գիծերէն ներս շրջաններ գրաւելու փորձ, որմէ ետք Պաքու հրադադարի մը տենչալով պիտի փորձէր նոր սթաթուքօ մը ստեղծել: Բայց այդպէս չեղաւ: Հայկական կողմին արագ հակահարուածը ոչ միայն ծանր կորուստներ կը պատճառէր ատրպէյճանեան կողմին, այլ կը յաջողէր հրադադար պարտադրել: Երեքշաբթի, 5 Ապրիլի կէսօրին, մինչ արաբական ռուսամերձ AL Mayadeen կայանը արագ տրուած լուրով մը Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւին կողմէ կատարուած յայտարարութիւն մը կը հրապարկէ, անդին Մոսկուա կը խօսէր հրադադարի շուրջ եղած պայմանաւորուածութեան մը մասին: Հակամարտող կողմերէն աւելի բնական է, որ Մոսկուա կտրականապէս դէմ էր, որ Կովկասը դառնայ զինուորական հակամարտութեան նոր օճախ: Հայաստանի մէջ, հայկական բանակի ունեցած ծանր կորուստէն ետք պետական աւագանին եւ զինուորական բարձրագոյն մարմինները Ատրպէյճանի առկայ բոլոր «կարմիր գիծեր»ը հատելու անկանխատեսելի որոշումէն ետք կը հաւատային, որ Հայաստանն ու Ղարաբաղը կանգնած են նոր պատերազմի մը դիմաց: Ժամերու ընթացքին եւ տրամաթիք արագ մագլցումէ ետք հայկական կողմին համար նոյնպէս պատերազմի մէջ մտնելու ընտրանքը բացորոշ էր: Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումէն ետք տրուած ասուլիսը ու աւելի ուշ գերմանական մամուլին տուած հարցազրոյցներու տողատակին հեշտ էր կարդալ, որ Հայաստան վճռած է բուռն կերպով պատասխանել եղածին: Բացի ատկէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը մեղադրէր Մոսկուան հակառակորդ Ատրպէյճանին արդիական զէնքեր ծախելուն մէջ: Ճիշդ է, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նման խնդիր մը կը ներկայացնէր, բայց պատերազմական իրադրութեան մէջ նման յայտարարութիւն կատարելը այլ հնչեղութիւն ունէր: Այս տուեալները նշեցի ներկայացնելու համար հայկական կողմին մօտ երեւցած գերլարուած իրավիճակը եւ պատերազմի երթալու վճռակամութիւնը: Տեղին է նշել, որ դէպքերու ընթացքին հետեւող տարբեր լրագրողներ հրադադարի վերահաստատումէն օրեր ետք կը գրէին, թէ հայկական ուժերը կը գտնուէին ատրպէյճանեան ուժերուն ծանր հարուածներ տալու դիրքի մը մէջ, երբ Մոսկուայէն կը հնչէր կայացուած հրադադարի մասին յայտարարութիւնը:
Անցնող օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնական ճակատներուն վրայ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ: Երեւելի է նաեւ, որ ատրպէյճանական ուժերը կը շարունակեն խախտել հրադադարը, բայց եւ այնպէս խախտումներու ընդհանուր պատկերը մեծ գործողութիւններու ճանապարհ բացող կրակահերթեր չեն: Բացի ատկէ, բնական է, որ Մոսկուա ինք ստանձնած է «վարել» ղարաբաղեան հակամարտութեան այս փուլը: Նոյնը կարելի է լսել Ռուսաստանի նախագահին բերնէն, որ իր Հինգշաբթի օր տուած ամէնամեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կը շեշտէր, որ Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհներով եւ փոխզիջման ըմբռնումներով:
Գետնի վրայ մինչ երկու հակամարտող կողմերը զինուորական համալրումներ կ՚ընեն, մասնաւորապէս հայկական կողմին համար հարցը տեղափոխուած է ներքին քննարկման հարթակ: Այս իրականութեան ամենէն վառ ապացոյցը անցեալ Շաբաթ, Ապրիլի 9-ի յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ եւ նախկին առաջին նախագահներուն՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վերջինիս բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումն էր, որ մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանար: Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ՝ Ռոպէրթ Քոչարեան կը յայտնէր, որ այս փուլին անհրաժեշտութիւն չի տեսներ Սերժ Սարգսեանին հետ հանդիպելու, անդին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը «Ի Լուր» ելեկտրոնային կայքին հարցազրոյց մը տալով՝ կը խօսէր այդ «պատմական» հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին: Տէր-Պետրոսեան փակագիծեր բանալով կը յայտնէր, թէ առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի համար ճակատագրական պահերու ինք պատրաստ է խօսիլ իրեն համար թիւ մէկ քաղաքական «հակառակորդ» համարուող երկրի նախագահին հետ: Բացի այս իրականութենէն, նաեւ պէտք է շեշտադրել Տէր-Պետրոսեանի այն մօտեցումը՝ ըստ որուն, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր թիկունքը «ապահովուած» պէտք է զգայ որեւէ բանակցութեան սեղանի առջեւ: Ուրե՞մն: Ուրեմն բացայայտ է, որ ղարաբաղեան խնդրի յառաջիկայ փուլը պիտի դրուի բանակցութիւններու սեղանի մը, որուն հիմնական հովանաւորը պիտի ըլլայ Մոսկուան: Բացորոշ է նաեւ, որ հրադադարը հաստատելու Մոսկուայի յաջողութեան մէջ պէտք է տեղադրել Քրեմլինի Կովկասին միակ տէրը ըլլալու փաստը եւ այս համարձակ քայլով Վլատիմիր Փութին բոլոր խաղացողներուն կ՚ըսէր, թէ իրենց համար Կովկասը անսակարկելի տարածք է:
Մոսկուայի դերին մագլցումին մասին խօսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզան: Ամերիկացի համանախագահը բացի անկէ, որ կարեւորած է Մոսկուայի դերը ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերջին զարգացումներուն շուրջ, նաեւ ծանր մեղադրանքներ ուղղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր կեցուածքին ու որդեգրած անգործնական եւ կրաւորական դիրքին առընթեր:
Այս մօտեցումին մէջ պէտք է կարդալ, որ Կովկասը կարեւոր շրջան մըն է նաեւ Ուաշինկթընին համար, որուն այսօրուան վարչակարգը տարբեր բարդ հարցերու մէջ մխրճուած ըլլալու պատճառով՝ կարելի է ըսել, որ երես թեքած է խնդրէն:
Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կարեւորագոյն յայտարարութիւնը ղարաբաղեան զարգացումներուն վերաբերեալ կ՚ըլլար արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Ճոն Քերի հարցը կը քննարկէր իր ռուս պաշտօնակցին հետ եւ անոր յայտարարութիւնները կ՚ըլլային հարցը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու մասին:
Վերադառնալով Երեւանի մէջ տեղի ունեցող խմորումներուն, պէտք է նկատի առնել նաեւ «Ժամ» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ լոյս տեսած «Սենսացիոն լուրեր Մոսկվայից» վերլուծական նիւթը, ըստ որուն Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը այսօր դժգոհ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն եւ այդ դժգոհութիւնը կապուած է Սարգսեանի իբրեւ Կովկասի մէջ Ռուսաստանի շահերը հարուածելու եւ ծանրագոյն այս հանգրուանին թոյլ տուած մեծ թերացումներուն հետ: Այս յօդուածի հրապարակումէն ետք Տէր-Պետրոսեանի շրջանակները ծանր մեղադրանքներ ընելով կը գրէին, որ սոյն մօտեցումին ձեռագիրը կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի վերհսկողութեամբ գործող լրատուական եւ քաղաքական «աբարաթ»ին: Բնական է նաեւ, որ շատերու մտքին մէջ պիտի ուրուագծուէր որեւէ դժուար զիջումէ խուսաբելու համար Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւանական հրաժարականի հարցը եւ Մոսկուայի անվերապահ նեցուկով Ռոպէրթ Քոչարեանի իշխանութեան վերադառնալու վարկածը:
Այս բոլորը բնականաբար անստոյգ տեղեկութիւններ են, սակայն, ինչպէս նախորդ յօդուածիս մէջ նկատել տուած եմ այսօր եւս կրկնելու գնով պէտք է ըսել, որ Երեւանի մէջ քաղաքական որեւէ խմորում ու հաւանական մագլցում անվերապահօրէն կապուած է ղարաբաղեան հիմնահարցի զարգացումներուն հետ:
Բացորոշ է, որ Մոսկուա հակառակ պատերազմի դաշտէն ելած փոշիներուն եւ հողին վրայ թափուած սուղ արեան, մտադիր է հարցը լուծել շատ դանդաղ քայլերով, իսկ Արցախի մէջ երեւցող ներկայ փուլը յար եւ նման պիտի ըլլայ անցնող 1 Ապրիլէն առաջ եղած ընդհանուր վիճակին:
Հիմա հարց կը ծագի, թէ հայկական կողմը պատրաստ է՞ այս դանդաղ եւ սուղ արժող ո՛չ պատերազմ-ո՛չ խաղաղութիւն կանոնին, որուն ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ կրակի տակ կը մնան ղարաբաղեան սահմանի բոլոր գիծերը եւ ամէնօրեայ դրութեամբ հայ զինուորներ կը զոհուին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան