«ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊՐԵՆՏԻԻ ԱՇԽԱՐՀԸ»

Հայաստանի մէջ քոնիաքի արտադրութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի, կը շարունակէ մնալ որպէս խոշոր գործ: Երկրի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը կրնայ պարծենալ անով, որ այստեղ մէկ շունչին բաժին հասնող քոնիաքի թորիչները աւելի շատ են, քան աշխարհի որեւէ այլ քաղաքի մէջ, նսյնիսկ ֆրանսական Քոնիաքին մէջ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կ՚ըսուի յայտնի Forbes պարբերականին մէջ հրապարակուած լայնածաւալ յօդուածին մէջ, որ վերնագրուած է՝ «Բացայայտելով հայկական պրանտիի աշխարհը»:

Հեղինակ Ճոզըֆ Միքալեֆ կը նշէ, որ Հայաստանը ընդհանրապէս յայտնի է որպէս գինիի արտադրութեամբ զբաղող աշխարհի հնագոյն երկիր: Սակայն քոնիաքի արտադրութիւնը եւս դէպի պատմութեան խորքերը գացող անցեալ մը ունի:

Ան կ՚ընդգծէ, որ 19-րդ դարու վերջերուն Հայաստանի մէջ արդէն ծաղկուն կերպով կը զարգանար քոնիաքի արտադրութիւնը: «Հաշուի առնելով քոնիաքի հանրաճանաչութիւնը Ռուսաստանի մէջ, որ այդ ժամանակ կը դաշնակցէր Ֆրանսայի հետ, հայկական պրենտին եւս սկսաւ անուանուիլ քոնիաք, որ այժմ կը շարունակուի Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ յետխորհրդային շարք մը այլ հանրապետութիւններու մէջ», կը գրէ հեղինակը՝ նշելով, որ յայտնի հայ գործարար Նիքոլայ Շուսթով իրաւունք ունէր իր արտադրանքը, որ կը մատակարարուէր ռուս ցարին, անուանել քոնիաքկ: Արդէն 1990 թուականին անոր հիմնած «Շուսթով եւ որդիներ» ընկերութեան պրենտին Փարիզի Universal Expo-ի ժամանակ խիստ մրցակցութեան պայմաններու մէջ կը յաղթէ ֆրանսական Քոնիաք քաղաքի արտադրանքը ներկայացնող ընկերութեան եւ իրաւունք կը ստանայ պաշտօնապէս իր արտադրանքը անուանել «քոնիաք»:

«Խորհրդային Միութենէն ներս քոնիաքի մէկ քառորդը կ՚արտադրուէր Հայաստանի մէջ: 1944 թուականի Եալթային վեհաժողովի ժամանակ Իոսիֆ Սթալին Ուինսթըն Չըրչիլին եւ Ֆրանքլին Ռուզվելթին կը հրամցնէ «Դուին» անունը կրող հայկական քոնիաք, որ արտադրած էր Երեւանի քոնիաքի գործարանը», կը գրէ հեղինակը՝ նշելով, որ համաձայն աւանդազրոյցի՝ Չըրչիլ այնքան կը հաւնի հայկական քոնիաքը, որ կը համաձայնի Սթալինի հետ, որպէսզի իրեն այդ քոնիաքէն պարբերաբար մատակարարէ:

«Ներկայիս երկիրը կ՚արտադրէ շուրջ 20 միլիոն լիթր քոնիաք՝ մօտաւորապէս 5.7 միլիոն տակառ, որուն 90 տոկոսը կ՚արտահանուի: Հայկական քոնիաքի արտադրութիւնը ունի քանի մը հետա-քըրքրական յատկանիշներ: Նախ, այդ արտադրութեան մէջ կ՚օգտագործուին խաղողի միայն տեղական տեսակները: Հայաստանի մէջ կը հաշուուի խաղողի աւելի քան 200 տեղական տեսակ, որոնց մեծ մասը շատ հին են: Օրէնքով սահմանուած են խաղողի այն տեսակները, որոնք կրնան օգտագործուիլ քոնիաքի արտադրութեան համար, որոնց մէջ են Ոսկեհատը, Գառան դմակը, Մսխալին», կը գրէ Forbes պարբերականի հեղինակը՝ ընդգծելով, որ Արարատեան դաշտին մէջ աճող խաղողի լայն տեսականին կ՚օգտագործուի նաեւ մրգային օղի պատրաստելու մէջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018