ԹՐԱՄՓ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԸ ԱՒԱՐՏԱԾ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ Սուրիոյ դէմ տրուած հարուածը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ընդհանրապէս, մեկնաբանները համոզուած են, թէ Արեւմուտքը փափաքած է ուժի ցոյց մը ընել Սուրիոյ մէջ, ուր Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կը ծաւալի։ Ռուսական ազդեցութեան ծաւալած ժամանակաշրջանին՝ շաբաթավերջին ԱՄՆ, Անգլիա եւ Ֆրանսա ռմբակոծեցին Սուրիայէ ներս՝ քիմիական զէնքերու արտադրութեան նշանակութեամբ թիրախներ։ Արեւմտեան պլոքի այս յառաջատար երկիրներու զօրքերը արձակեցին 105 հրթիռ։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ կատարեալ գործողութիւն մը իրականացուած է, իրենց պարտականութիւնը աւարտած է, որովհետեւ արդիւնքը աւելի լաւ չէր կրնար ըլլալ։ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտնեց, որ անկարելի է քիմիական զէնքերու օգտագործման բնականոնացումը։ Ան կատարուած գործողութիւնները համարեց այս ուղղութեամբ յստակ պատգամ մը։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնն ալ ըսաւ, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը հանդիսացած է կարմիր գիծերու խախտում։ Մոսկուա եւ Թեհրան բուռն հակազդեցութիւնով հանդէս եկան այս գործողութիւններուն դէմ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ յարձակումները անընդունելի են։ Ըստ իրեն, ինքնիշխան պետութեան մը դէմ կատարուած է յարձակում մը եւ այս գործողութիւնները աւերիչ ազդեցութիւն պիտի գործեն միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ համակարգին վրայ։ Ըստ Փութինի, յարձակումները խստագոյնս պախարակելի են եւ պիտի ունենան ծանր հետեւանքներ։

Ուաշինկթընի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Անթոնովն ալ արեւմտեան զօրքերը մեղադրեց՝ նախապէս որդեգրուած բեմագրութիւն մը կեանքի կոչելով։

Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյն ալ գործողութիւնները որակեց յանցագործութիւն։ Չինաստանն ալ պախարակեց գործողութիւնները։

Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդն ալ արտահերթ ժողով մը գումարելով քննարկեց ռմբակոծումները։ Անվտանգութեան խորհուրդը ընթացք չտուաւ ռուսական կողմի պահանջին, որով կ՚ակնկալուէր այդ գործողութիւններու պախարակուիլը։

Բաց աստի, Ռուսաստան գործողութիւններէն վերջ տեղեկացուց, որ օդէն ու ծովէն Սուրիոյ տարածքին վրայ արձակուած 103 հրթիռներէն 71-ը չէզոքացուած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ։ Մասնաւորապէս ցուցադրուեցան Դամասկոսի վրայ արձակուած հրթիռներու դէմ այդ համակարգերու շարժման անցած պահերը։

Իր կարգին, Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատն ալ յայտնեց, որ Արեւմուտքը ներքին պատերազմի պայմաններուն ներքեւ կորսնցուցած է հակակշիռը եւ այս պատճառով հրթիռային յարձակում մը իրականացուցած է։

Անգարա կը շարունակէ այս բոլորի կիզակէտին մնալ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ գործողութիւններէն առաջ Թուրքիա եղած է իրազեկ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Թերեզա Մէյի, Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Վլատիմիր Փու-թինի հետ։ Ան պաշտօնակիցներուն խորհուրդ տուաւ լարուածութիւնը նուազեցնել։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա ճիշդ կը նկատէ այս գործողութիւնները։

Էրտողան շաբաթավերջին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առանց Թուրքիոյ որեւէ քայլ առնելը անկարելի է։ Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Աֆրինի գործողութիւններու ծիրէն ներս ցարդ չէզոքացուած ահաբեկիչներուն թիւը հասած է 4163-ի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018