ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ջերմ վերաբերմունքով շնորհաւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը։ Երեւեանի մէջ կազմակերպուած տարեդարձի հաւաքոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ հիւրընկալ հաստատութեան դերը ստանձնեց։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, որ միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի Կեդրոնական վարչութեան, ստորագրեց շնորհաւորական մասնաւոր նամակ մը՝ հասցէագրուած ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին։ «Արդարեւ, ՀԲԸՄ-ի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի միջեւ գեղեցիկ գործակցութիւն մը ստեղծուած է տարիներէ ի վեր։ Մենք միշտ բարձր գնահատած ենք հայ մամուլի պատմութեան եւ մանաւանդ պոլսահայութեան ազգային կեանքին մէջ ձեր թերթին կատարած անփոխարինելի դերը։ Հպարտութիւն է մեզի համար իմանալ, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այսօր կը նկատուի ազգային փոքրամասնութիւններու պատկանած եւ անընդմէջ հրատարակուած աշխարհի ամենահին թերթը», նշուած է Վազգէն Եագուպեանի նամակին մէջ։

Բաց աստի, տարեդարձի հաւաքոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան Արա Գօչունեանին յանձնեց յուշանուէր մը։ Ձեռնարկի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ Էօրտէքեան ըսաւ հետեւեալը.

Ուրախ եմ ողջունելու Ձեզ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող շնորհանդէսին:  ՀԲԸՄ-ի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի միջեւ յարաբերութիւնները երկար պատմութիւն ունին: Եւ մենք բազմիցս համատեղ միջոցառումներ կազմակերպած ենք նուիրուած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին: Օրաթերթ, որ ոչ միայն պոլսահայութեան պատմութեան, այլեւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ մամուլի տարեգրութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ու արժէք  ունի: Ի վերջոյ, յայտնի է, որ սփիւռքահայ, արեւմտահայ բազմաթիւ մեծանուն գրողներ անցած են նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բովով: Կը շնորհաւորենք թերթի 110-ամեակը: Կը շնորհաւորենք կայքէջը, ինչպէս նաեւ մատենաշարէն գիրքերու լոյս ընծայումը: Իսկապէս, կարեւոր նախաձեռնութիւն, ուր կ՚երեւին այնպիսին գրողներ, ինչպիսիք՝ Վահան Թէքեանը, Սրմաքէշխանլեանը եւ ուրիշներ: Շնորհակալութիւն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Եւ նաեւ շնորհակալութիւն գիրքերու կազմման, խմբագրման, ծանօթագրման համար Գրիգոր Պըլտեանին եւ Սեւան Տէյիրմենճեանին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018