ՆՈՐ ԴԱՐԷ ՆԵՐՍ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը առաքելութիւնը կը շարունակէ՝ իր գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ։ Նոր դարու մը մէջ... Մօտաւոր անցեալին նշուած էր թերթիս հիմնադրութեան դարադարձը։ Եւ ահա,՛ տարիները իրարու կը յաջորդեն, կ՚անցնին ու կ՚երթան թաւալ-գլոր։ Դարադարձէն ի վեր անցած է եւս տասը տարի։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը արդէն տասնամեակ մը բոլորած է իր գոյատեւած նոր դարէն ներս։ Երկարակեաց ու մրցանիշային իր ճանապարհորդութեան ամբողջին մէջ՝ նոր փուլ մը արդարեւ եւ նորովի լիցքաւորուելու պահ մը։

Դարադարձի հանգրուանին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցած ուղին, խորհրդանշած աւանդութիւնն ու մարմնաւորած դպրոցը խոշորացոյցի տակ էին բոլոր չափումներով եւ արժեւորուեցան բոլոր երեսակներով։ Այդ բոլորի ընդմէջէն նախանշուած էին՝ իր թեւակոխած նոր դարու վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Դարադարձը կ՚արծես նոր սկիզբ մըն էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տեսակէտէ, եկած էր նոր հարթութեան մը վրայ դնել թերթիս առաքելութիւնը, նոր հունի մը մէջ՝ անոր գործունէութիւնը։ Եւ ահա արդէն տասնամեակ մը յաջորդած է այդ նոր սկիզբին ու կշիռքի վրայ են նոր դարու վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ապագան կը կերտէ՝ արդէն 110 տարիներու հասունութեամբ եւ փորձառութեամբ։

Վերջին տասնամեակի արժեւորումը չափազանց նշանակալի ու կարեւոր է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տեսակէտէ։ Սա մեր արդի պատմութեան առաջին անկիւնադարձներէն մին է։ Եղելութիւններուն ժամանակագրականօրէն մօտ ըլլալը արգելք մը չեն անոնց պատմական իմաստի բիւրեղացման առումով, նոյնիսկ ընդհակառակն։ Այս թերթը հաւատարիմ կը մնայ նախ եւ առաջ լրատուամիջոց մը ըլլալու կոչման։ Այս հանգամանքը կը բխի իր էութենէն։ Որքան որ ալ արդի դարուն երանգաւորուի անոր առաքելութիւնը՝ առաջին հերթին լրատուամիջոց մը ըլլալու հանգամանքը անհրաժարելի է այս թերթին տեսակէտէ։ Լրատուամիջոց մը անաչառ, հաւասարակշռուած ու չափաւոր... Լրատուամիջոց մը, որ առարկայական ակնոցով մը կը դիտարկէ իրադարձութիւնները, զանոնք համակողմանի կը մատուցանէ իր ընթերցողներու լսարանին եւ ամէն ջանք կը գործադրէ՝ չվերածուելու համար քարոզչամիջոցի մը կամ հատուածական օրկանի մը։ Սա է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագիծը՝ ուրոյն, ինքնատիպ։

Լրատուամիջոց մը ըլլալու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը լիուլի կ՚արդարանայ մանաւանդ այս վերջին տասնամեակի փորձառութեամբ։ Թրքահայ համայնքը, որու ծոցին մէջ կը յարատեւէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, արտասովոր շրջանէ մը կ՚անցնի։ Անոր վերաբերեալ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան, հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան առաջնահերթօրէն։ Թէժ օրակարգ, հրատապ հարցեր... Թէեւ կացութիւնը մտահոգիչ է, սակայն ինքնաբերաբար կարեւորութիւն կը ստանայ մամուլին տեսած գործը, ըրածն ու չըրածը, ըսածն ու չըսածը։ Առկայ իրավիճակին մէջ այս թերթը յաճախ կ՚ընկալուի որպէս սկզբնաղբիւր՝ մեր համայնքին վերաբերեալ հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար։ Եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին յայտնի կը դառնայ, որ ընկերային ցանցերու այժմու դարաշրջանին առաւել եւս դժուար է՝ ըլլալ լրատուամիջոց։ Իսկապէս մեծ մարտահրաւէր մըն է՝ այդ ամբողջ թոհուբոհին մէջ հանդէս գալ արհեստավարժ դիրքերէ։ Աւելի՛ն, մեր հաւաքական կեանքէն ներս ծայրայեղութիւններն ու բեւեռացումները այնպիսի համեմատութիւններու հասած են, որ հատուածական շահերու հետամուտ մարդիկ երբեմն հանդէս կու գան հայ մամուլին դէմ։ Մեր համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներ հայախօսութեան զգայնութիւնը միջոցէ մը ի վեր կը վերագրեն ազգայնականութեան, ուստի հայ մամուլին անխուսափելիօրէն բաժին կը վիճակի այդ բոլորի տրամաբանական շարունակութենէն։ Ի՞նչ ըսել. համբերութիւնը կեանք է...

Բոլորին յայտնի ճշմարտութիւն է, որ հաւաքական կեանքէ ներս պառակտման պահերուն ամենադժուարն է՝ անկողմնակալ մնալը։ Եթէ կողմ ըլլաս, ճամբարի մը պատկանիս, ապա կ՚ունենաս գոնէ նուազագոյն յենարան մը։ Կրնաս հաշուարկել նաեւ, թէ միւս կողմինները պիտի հարուածեն քեզ։ Հապա եթէ անկողմնակա՞լ ես... Չունիս որեւէ ապաւէն եւ բոլոր կողմերը անխնայօրէն կը յարձակին քու վրադ։ Թրքահայութեան ներկայ կացութեան մէջ տագնապ ծագած է՝ առկախեալ ընտրութիւններու բերումով։ Գրաւի տակ է մեր ժողովուրդին կամքը, արգելափակուած՝ անոր ազատ դրսեւորումը։ Բոլորը կը յաւակնին ընտրութիւն ապահովել, սակայն բոլորն ալ խորքին մէջ իրենց գործելաոճով կը խոչընդոտեն այդ նպատակը։ Ազդեցութեան պայքարը կուրացուցած է բոլորին աչքը։ Իբրեւ թէ յանուն ժողովուրդի շահուն, մարդիկ կը ջանան հետապնդել սեփական հատուածական շահը, ազդեցութեան պայքարներով կը պատնէշեն ժողովուրդի կամքի դրսեւորումը։ Առանց բացառութեան, բոլորը... ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ահազանգ կը հնչեցնէ այս բոլորին դէմ, յառաջ քշուած չքմեղանքներով ու պատրուակներով հանդերձ։ Ահա թէ ինչո՞ւ կը բարդանայ մեր գործը, սակայն այս թերթը սովոր է ալիքներու մէջ, փոթորիկներու տակ դիավարել՝ չապաւինելով ուրիշներու։ Օրը կու գայ, ճշմարտութեան արեւը կը փայլատակէ եւ անոր ճառագայթներու լոյսին տակ կ՚երեւին արդարները։

Վերջին տասնամեակի ծանր իրավիճակը ինքնին ապահովեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայքէջին ազդեցութիւնը։ www.jamanak.com հասցէն շատերուն համար պատուհանի մը վերածուած է՝ հաւաստի աղբիւրէ տեղեկութիւն քաղելու, իսկական պատկերը տեսնելու առումով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայքէջը, ինչպէս ըսած էինք հաստատման ատեն, իրականութեան մէջ յապաղած էր բաւական։ Բայց եւ այնպէս, նախախնամութեան տնօրինութեամբ, ան այնպիսի իրավիճակի մը մէջ ստեղծուեցաւ, որ այդ յապաղման հետեւանքները յաղթահարուեցան շուտով։ Կարճ խօսքով, կայքէջը վերածուած է լուրջ գործօնի մը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կ՚ամրապնդէ իր առաքելութեան մէջ՝ որպէս լրատուամիջոց։ Ան կ՚երաշխաւորէ, որ պարփակուած չմնանք տեղական ապականած մթնոլորտի մէջ եւ ունենանք մաքուր օդ, նաեւ այդ թարմութիւնը ներմուծենք մեր հարազատ համայնքին։ Մեզի համար խորապէս գոհացուցիչ է, որ համացանցի վրայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին կը հետեւին ամենատարբեր հայեացքներով ու համոզումներով մարդիկ, ընթերցողներ, որոնք նաեւ յանձն կ՚առնեն խորհրդածութիւններ՝ արտայայտելով թեր ու դէմ կարծիքներ։ Յիշեցնենք նաեւ աշխարհագրութեան եւ խաւերու զանազանութիւնը։ Սա ձգողականութեան մը ակնյայտ ազդանշանն է, անշուշտ, առանց հեռանալու համեստութենէ։

Վերջին տասնամեակի մեր կարեւոր ձեռքբերումներու շարքին են «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերը: Անցեալի մեր ժառանգութիւնը ապագայի ճանապարհին ուղեցոյց դարձնելու միտուած աշխատանք մըն է այս մէկը։ Աւելորդ է բացատրել վիթխարի գործին անգնահատելի բնոյթը։ Այստեղ կ՚ուզենք արժանին մատուցել մեր գործընկեր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանին, որու մտայղացումով ծնունդ առած է այս նախաձեռնութիւնը։ Հարկ է նաեւ ընդգծել նպաստը մեր այն մտաւորականներուն, որոնք զանազան փուլերու մէջ ներգրաւուեցան այս նախագծին՝ սկսեալ Վաչէ Ղազարեանէն, մինչեւ Գրիգոր Պըլտեան։

Հուսկ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկը կը նշանաւորուի նաեւ նման հաշուեկշիռի մը գետին պատրաստելու հանգամանքով. հաշուեկշիռ, որ մեր առջեւ կ՚ուրուագծէ նաեւ յարատեւ կատարելագործման հորիզոնը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018