ԲՈՑԵՐ ԵՒ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ

Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը հոգեւոր ապրումներով դիմաւորեց Աւագ շաբաթը եւ կը պատրաստուի շաբաթավերջին տօնել Ս. Զատիկը, երէկ երեկոյեան ժամերուն դէմ յանդիման մնաց ցնցիչ տեսարանի մը։ Եւրոպայի սրտին վրայ համաքրիստոնէական իսկապէս աննկարագրելի ողբերգութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն եւ Փարիզի Նոթրը Տամ պատմական, հոյակերտ մայր տաճարը հրոյ ճարակ դարձաւ ահաւոր հրդեհի մը հետեւանքով։ Ֆրանսայի սրբութիւն սրբոցը խոնարհեցաւ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ՝ բոցերու եւ արցունքներու ընդելուզումով։ Այս անհաւատալի դէպքը պատահեցաւ, մինչ Նոթրը Տամ Փարիզի մայր տաճարէն ներս կ՚ընթանային վերանորոգութեան աշխատանքներ։ Համամարդկային քաղաքակրթութեան անկրկնելի գլուխ գործոցներէն մին ժամեր շարունակ գերեվարուեցաւ բոցերու կողմէ։ Ֆրանսական հրշէջ գունդի միջամտութիւնները, ժամեր շարունակ գործադրած ճիգերը դժբախտաբար ապարդիւն մնացին ու բաւարար չեղան կանխելու կամ հակակշռելու համար այն ծանր հետեւանքները, որոնք առանց չափազանցութեան համազօր են ողբերգութեան։

Տեղական ժամով 17.50-ին բռնկեցաւ հրդեհը ու տեւեց շուրջ վեց ժամ։ 856 տարուան Փարիզի մայր տաճարը դժբախտաբար կարելի չեղաւ խնայել որեւէ ձեւով։ Կոթիկ ճարտարապետութեան ամենայայտնի դասական օրինակներէն մին էր այս հոյակերտ եկեղեցին, որու աշտարակը կը հասնէր 96 մեթր բարձրութեան։ Հրդեհին հետեւանքով այդ աշտարակը փուլ եկաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ տանիքի ամբողջութեամբ կքելուն։ Հրդեհի պատճառներուն շուրջ պաշտօնական մարմինները տակաւին վերջնական բացատրութիւն մը տուած չեն։ Փարիզի մայր տաճարի պատերուն վրայ վերջին շրջաններուն յառաջացած էին ճաքեր եւ այս պատճառով Կաթոլիկ եկեղեցւոյ խրախուսանքով այս տարի վերանորոգութեան աշխատանքներ սկսած էին՝ 6 միլիոն եւրօ պիւտճէով։ Փարիզի Նոթրը Տամի բանբերը՝ Անտրէ Ֆինօ հրդեհի ժամանակ յայտնեց. «Ամէն ինչ կ՚այրի։ Կմախքէն զատ բան մը պիտի չմնայ։ Փայտակերտ ամբողջ ներքին յարդարանքը ամբողջութեամբ այրած է»։ Փարիզի մայր տաճարի հիմնարկէքը կատարուած էր 1163 թուականին եւ կառուցումը աւարտին հասած էր՝ 1345 թուականին։ Դարերու հոլովոյթին մէջ քանիցս վնասուած ու վերանորոգուած Նոթրը Տամը երբեք հրդեհ չէր անցուցած։ Ֆրանսական հեռուստակայանները երէկ հաղորդեցին, որ հրոյ ճարակ դարձած են նաեւ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող մասունքները։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նորոգութեան բերումով պրոնզէ կարգ մը արձաններ վերջին շրջանին դուրս բերուած էին մայր տաճարէն։ Ամէն տարի 13 միլիոն զբօսաշրջիկի այցելութեան վայրը, աղօթավայրը կը հանդիսանար այս փառահեղ ու փառաշուք եկեղեցին, որ նիւթ դարձած էր նաեւ Վիքթոր Հիւկոյի դասական վէպերէն մէկուն։ Այդ վէպով ստեղծուած մթնոլորտին եւ շարժումին շնորհիւ, այդ ժամանակ Փարիզի Նոթրը Տամը ի հիմանէ վերանորոգուած էր։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Փարիզի Նոթրը Տամին մէջ բռնկած հրդեհին եւ հրշէջ գունդի աշխատանքներուն հետեւեցաւ տեղւոյն վրայ։ Ան հանդէս եկաւ իսկապէս յուզումնալի յայտարարութիւններով։ «Կը ցաւիմ, որ այս երեկոյ մեր մէկ մասնիկը այրած է», ըսաւ ֆրանսացի ղեկավարը։

Ֆրանսական պետութեան գլխաւորին կողմէ փոխանցուած այս պատգամին զուգահեռ աշխարհի յառաջատար երկիրներու ղեկավարներն ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ անմիջապէս արձագանգեցին այս ցաւալի հրդեհին, որու հետեւանքները, գործած աւերը դժբախտաբար կը թուին ըլլալ անդարմանելի։ Այս ծիրին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց հրդեհին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ համաշխարհային ժառանգութեան այս ճարտարապետական գլուխ գործոցի աւերումը մեծ աղէտ մըն է համայն մարդկութեան տեսակէտէ։

Ինն հազար հոգի հիւրընկալելու տարողութիւն ունէր Փարիզի Նոթրը Տամը, որ աշխարհի մեծագոյն կաթողիկէ մայր տաճարն էր։ Ֆրանսական պատմութեան առանցքային իրադարձութիւնները կը մարմնաւորէր այս փառաշուք սրբավայրը։ Նափոլէոն Ա. թագաւորի թագադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր այնտեղ։ Ֆրանսայի արդի պատմութեան վառ անհատականութիւններու անուններն ալ առընչուած էին Փարիզի Նոթրը Տամին հետ, ուր տեղի ունեցած էին զօրավար Տը Կոլի, Ժորժ Փոմփիտուի եւ Ֆրանսուա Միթերանի նման պետական գործիչներու յուղարկաւորութիւնները։

Ֆրանսական հեռուստակայանները երէկ գիշեր ճարտարագիտական, գեղարուեստի պատմութեան, ճարտարապետական, գրական ու փիլիսոփայական բնագաւառներէ մասնագէտներու կարծիքները ուղիղ եթերով տեսասփռեցին՝ բիւրեղացնելով հրոյ ճարակ դարձած այս սրբավայրի պատմութեան մէջ ներկայացուցած իմաստը, համամարդկային յիշողութեան մէջ թողած հետքը։ Դարերու տեւողութեան ապրուած բազում ուրախ կամ դժբախտ դէպքերու կոթողային այս վկան այլեւս անհետացած է։ Ֆրանսացի պատմաբանները երէկուան հրդեհին ժամանակ կ՚ընդգծէին, որ Փարիզի Նոթրը Տամը աւելի քան ութ դարէ ի վեր կը վերահսկէր ֆրանսական մայրաքաղաքի ընթացքը։ Սեն գետի կղզեակներէն մէկուն վրայ երկինք խոյացած այս գլուխ գործոցի անհետացումը Փարիզի բնակիչներէն մին երէկ մեկնաբանեց իսկապէս դիպուկ ձեւով. «Վնասուեցաւ Փարիզը։ Քաղաքը այլեւս պիտի չըլլայ այնպէս, ինչպէս որ էր»։

Հարկ է նշել, որ ԻՒՆԷՍՔՕ եւ այլ միջազգային կառոյցներ առաջին իսկ պահէն պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ նպաստելու համար Նոթրը Տամի ապագայ վերակառուցման աշխատանքներուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2019