ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ 29 մարտին տեղի ունեցած գագաթաժողովի ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ի զարգացումն՝ երէկուան հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին իրադրութիւնը սահմանի եւ շփման գծի պարագային, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հաստատման հեռանկարները։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնարար հարցերուն շուրջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու հանգամանալի փոխանակում։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով վերահաստատեցին կողմերու մտադրութիւնը՝ շարունակելու քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը։ Ընդգծուեցաւ շահագրգռութիւնը հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան յետագայ կայունացման ուղղութեամբ, մասնաւորապէս գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակաշրջանին։ Նախարարները նաեւ պայմանաւորուեցան փոխադարձութեան հիման վրայ միջոցներու ձեռնարկել թոյլատրելու համար կողմերու տարածքէն ներս կալանքի մէջ գտնուող անձերու հարազատներու այցելութիւնները։ Մնացականեան եւ Մամետեարով պատրաստակամութիւն յայտնեցին ձեռնարկելու համար գործնական միջոցներու մարդոց միջեւ շփումներու հաստատման ուղղութեամբ՝ ներառեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու փոխադարձ այցելութիւններու միջոցաւ։

Սերկէյ Լաւրով եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը միջնորդական առաքելութեան պարագային՝ ուղղուած տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Հանդիպման մասնակիցները պայմանաւորուեցան շարունակել շփումները մօտաւոր ապագային։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՓԱՐԻԶ

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ ապրիլի 18-ը։ Իր կեցութեան ընթացքին Մնացականեան կ՚ընդունուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարիէլ տը Սարնեզիի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ Նախատեսուած է Մնացականեանի ելոյթը Ֆրանսայի Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառէն ներս։ Մնացականեան կը տեսակցի նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2019