ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԵՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
Թուրքիոյ մէջ ամբողջ թափով պայքար յառաջ կը տարուի քորոնաժահրի համավարակի դէմ։ Բոլոր պաշտօնական մարմիններն ու մասնագիտական շրջանակները կը շարունակեն ընդգծել, որ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնել կը շարունակէ տունէն դուրս չգալը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները՝ ըստ որոնց, համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 115-ով եւ ընդհանուրին մէջ հասած՝ 1518-ի։ Երէկ կատարուած է 34 հազար 90 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 281 նոր վարակեալ։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ դէպքերու ընդհանուր թիւը հասած է 69 հազար 392-ի։ Դարմանուած հիւանդներու թիւն է 5 հազար 674։ Նախարար Ֆահրետիին Քոճա նշեց, որ դէպքերու բարձրացման թափը եւ խտացեալ խնամքի կամ արհեստական շնչառութեան անհրաժեշտութեամբ հիւանդներու թիւի աճին թափը անփոփոխ մնալու հակում ցոյց կու տան։ «Երկու ուժ ունինք՝ նախազգուշացում եւ բուժում։ Օգտագործենք մեր ուժը», յայտնեց նախարարը։
Մինչ այդ, համավարակի մթնոլորտին մէջ Ազգային մեծ ժողովը նախորդ ուշ գիշերին ընդունեց կարեւոր օրէնք մը։ Տարիներէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուէր նախագիծ մը, որով առողջապահութեան համակարգի աշխատակիցներու դէմ բռնութեան դէպքերու համար պատիժները պիտի խստացուէին։ Խորհրդարանի հինգ կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ ընթացք տուին այս նախագծին։
Միւս կողմէ, համաճարակի դէմ պայքարի նպատակով ընդունուած որոշումներէն մին ալ երէկ դրուեցաւ գործադրութեան։ Կալանավայրերէն մարդոց ազատ արձակման համար առնուած որոշումին գործադրութիւնը սկսաւ։ Այս օրէնքէն շուրջ 90 հազար հոգի պիտի օգտուի։ Համավարակի դէմ սահմանուած միջոցներու նկատմամբ առաւելագոյն ուշադրութեամբ՝ կալանաւորներ սկսան ազատ արձակուիլ բանտերէն։