ԵՐԱՆԵԼԻ ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի անվտանգութեան ապահովման առանցքը Ռուսաստանի հետ ռազմական դաշինքն է։ Սա ամրագրուած է քանի մը տասնեակ ռազմական, ռազմավարական բնոյթի միջազգային պայմանագրերով եւ դաշնակցային փոխադարձ պարտաւորութիւններով։ Այս առումով Հայաստանի անվտանգութեան համար գործնական կարեւոր նշանակութիւն ունին Ռուսաստանի հետ միացեալ զօրախումբը եւ Կովկասի հաւաքական անվտանգութեան տարածքէն ներս հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգը։ «Այս երկու համակարգերը ձեւաւորած պայմանագրերու տրամաբանութեամբ՝ Հայաստանի վրայ յարձակումը կը նշանակէ յարձակում Ռուսաստանի վրայ եւ երկու երկիրները համատեղ պէտք է դիմակայեն արտաքին մարտահրաւէրները», ըսաւ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան նշեց, որ ներկայիս կը քննարկուի Հայաստանի ռուսական ռազմախարիսխի հնարաւորութիւնները բարձրացնելու հարցը։ Քննարկումներ կը ծաւալուին նաեւ Սիւնիքի մէջ անոր յենակէտ մը ստեղծելու վերաբերեալ։

Նիկոլ Փաշինեանի այս նիւթին վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնները լայն արձագանգ ստեղծած են։  Ան բացատրած է, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը այսուհետեւ երկրի սահմաններու պաշտպանութիւնով պիտի չզբաղին, այլ պիտի ջանան բարձրացնել մարտունակութիւնը։ Մամուլին մէջ լուրջ քննադատութիւններ լոյս կը տեսնեն առ այն, ուրեմն այսուհետեւ Հայաստանի բանակը գոյութիւն պիտի չունենայ՝ որպէս այդպիսին։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս քննադատութիւններով հանդէս եկաւ, որ Հայաստանի զինեալ ուժերու հիմնական բարեփոխումներու գործընթացը յառաջ կը տարուի Ռուսաստանի բանակին հետ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021