ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ԱՆՑԵԱԼԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն շուրջ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ NTV-էն։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ այն հաւանականութեան, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յառաջիկայ 24 Ապրիլի պատգամին մէջ կրնա՞յ օգտագործել ցեղասպանութիւն բառը կամ ոչ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին այս ուղղութեամբ ակնկալութիւնները աւելցած են։

Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ յիշեցուց, որ անցեալին ալ ԱՄՆ-ի նախագահները այս նիւթին վերաբերեալ խօսած են իրենց ընտրական խոստումներու ծիրէն ներս։ ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութիւնը կը գիտակցի Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու կարեւորութեան։

«ԱՄՆ եթէ միջազգային իրաւունքը նկատի առնէ, ապա իբր թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին այսպիսի որոշում մը չի տար», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Նոյն հարցազրոյցի տեւողութեան նախարարը անդրադարձաւ նաեւ այն ջանքերուն, որոնք ներկայիս կը գործադրուին Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։ Չավուշօղլու յիշեցուց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած հանդիպումը՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին։ Ըստ իրեն, կողմերը համակարծիք են բոլոր խնդիրներու վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսի մը համապատասխան յառաջանալու ուղղութեամբ։ «Այդ բանին վրայ ալ կ՚աշխատինք։ Այսինքն, ԱՄՆ-ին տուինք փաստաթուղթ մը, որ կը բովանդակէ Թուրքիոյ մօտեցումները եւ երկու կողմերու հաւանական քայլերը», ըսաւ նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021