ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ջան­քե­րուն շրջագ­ծով այ­սօր կա­րե­ւոր ժա­մադ­րու­թիւն մը նա­խա­տե­սուած է Վիեն­նա­յի մէջ։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րով ի մի կու գան Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ։ Ան­ցեալ ամ­սուան սկիզ­բին պա­տա­հած, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գող­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ի վեր սա ա­ռա­ջին գա­գաթ­նա­յին հան­դի­պումն է հա­կա­մարտ կող­մե­րուն մի­ջեւ։ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ ժա­մադ­րու­թեան առ­թիւ կը նա­խա­տե­սուի, որ Վիեն­նա փու­թան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի, Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Ժան-Մարք Էյ­րօ։

Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին եր­կայն­քով լա­րուա­ծու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Վիեն­նա­յի ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­ցաւ զո­հեր։ Ան­շուշտ, բա­զում պատ­ճառ­ներ գո­յու­թիւն ու­նին են­թադ­րե­լու հա­մար, որ այ­սօ­րուանն ալ պի­տի դառ­նայ նա­խա­գահ­նե­րու հեր­թա­կան ա­մուլ, ա­պար­դիւն հան­դի­պում­նե­րէն մին։ Մինչ կը նա­խա­պատ­րաս­տուէր Վիեն­նա­յի հան­դի­պու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թի մը նա­խա­գի­ծը։ Պարզ է, որ նման գոր­ծըն­թաց մը տա­կա­ւին չէ հա­սուն­ցած, սա­կայն մեկ­նա­բան­նե­րը դի­տել կու տան, թէ այս­պէ­սով Ե­րե­ւան քա­շած է իր կար­միր գի­ծը։ Այդ քայ­լը կը հա­մա­րուի որ­պէս դի­ւա­նա­գի­տա­կան վերջ­նա­գիր։ Ա­մե­րի­կա­ցի վեր­լու­ծա­բան­ներ այլ ի­մաստ մըն ալ կը վե­րագ­րեն այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Ար­դա­րեւ, Ե­րե­ւան յստա­կօ­րէն կ՚ազ­դա­րա­րէ, որ ինքն ալ ու­նի հա­կա­մար­տու­թեան առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը փո­խե­լու նե­րու­ժը, հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ցարդ, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րը կը մեկ­նա­բա­նուին այդ կար­գա­վի­ճա­կը փո­խե­լու նե­րու­ժը ա­պա­ցու­ցա­նե­լու ազ­դու փոր­ձեր։ Վիեն­նա­յի հան­դիպ­ման սե­մին հայ­կա­կան կող­մը ամ­րապն­դել փոր­ձած է իր բա­նակ­ցա­յին դիր­քե­րը՝ իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ալ յի­շեց­նե­լով, հան­դէս գա­լու հա­մար ա­ւե­լի ու­ժեղ ձե­ւով։ Ե­րե­ւա­նի պատ­գամ­նե­րէն մին ալ այն է, ո­ր այ­լեւս մտա­դիր չէ աչք փա­կե­լու միջ­նորդ­նե­րու կրա­ւո­րա­կա­նու­թեան վրայ։ Քան­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը յստակ գնա­հա­տա­կան մը չէ տուած նաեւ վեր­ջին պա­տե­րազ­մին հա­մար, որ ցոյց տուած է, թէ առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը են­թա­կայ է փլուզ­ման։

Հա­յաս­տա­նեան կարգ մը թեր­թեր կը գրեն, որ Վիեն­նա­յի ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ֆրան­սա ա­ռա­ջարկ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է շփման գծի կա­ցու­թեան շուրջ։ Փա­րիզ պատ­րաս­տա­կամ է՝ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը ստու­գե­լու հա­մար սար­քա­ւո­րում­ներ հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ, հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գէտ­նե­րու տա­րած­քաշր­ջան ու­ղար­կու­մով հան­դերձ։ Այդ մաս­նա­գէտ­նե­րը կրնան նաեւ ո­րոշ չա­փով խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նել, զու­գա­հե­ռա­բար կը քննար­կուի նաեւ, որ այդ մաս­նա­գէտ­նե­րը ու­ղար­կուին հա­մա­նա­խա­գահ ե­րեք եր­կիր­նե­րէն։

Թէեւ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ այ­սօ­րուան ժա­մադ­րու­թեան վրայ մեծ յոյ­սեր չեն դրուիր, սա­կայն ա­ռի­թը ընդ­հան­րա­պէս կը գնա­հա­տուի դրա­կան։ Դժուար չէ նա­խա­տե­սել, որ սա պի­տի մնայ լոկ հան­դի­պում, այ­սինքն ա­նոր հի­ման վրայ պի­տի չսկսին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ։ Յա­մե­նայն­դէպս, նա­խա­գահ­նե­րու իւ­րա­քան­չիւր հան­դիպ­ման կը վե­րագ­րուի դրա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Այ­լա­պէս, շփում­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի կը վատ­թա­րաց­նէ ճա­կա­տի կա­ցու­թիւ­նը։  Ռուս մասնագէտներ համոզուած են, թէ դասեր պէտք է քաղել վերջին պա-տերազմէն եւ հրադադարի գոնէ յա-րաբերական կայունութեան ապահով-ման համար ձեռք պէտք է առնուին միջոցներ, պէտք է կանխուին նոր մարտական գործողութիւնները։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016