ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցոյթը, որ երաժշտութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այս տարի մրցոյթին առաջնութիւնը նուաճեց Ուքրայնոյ ներկայացուցիչը՝ Ճամալա, որ ներկայացուց «1944» երգը։ Հարկ է նշել, որ Ճամալայի իսկական անունն է Սուսաննա Ճամալատինովա եւ անոր մայրը հայուհի մըն է։
«Եւրոտեսիլ-2016»ի ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Իվեթա Մուկուչեան, որ զբաղեցուց եօթներորդ տեղը։ Այսպէսով Հայաստան հերթական անգամ Եւրոտեսիլի շրջագծով տեղ գտաւ լաւագոյն տասնեակին մէջ։ Իվեթա Մուկուչեանի կողմէ մեկնաբանուած Love Wave երգի երաժշտութեան համահեղինակներն էին Լեւոն եւ Լիլիթ Նաւասարդեանները։
Զանազան երկիրներու ազգային դատակազմերէն Հայաստանի ներկայացուցիչին 12-ական միաւոր տուին Սպանիան, Ռուսաստանը եւ Պուլկարիան։ Մալթա, Յունաստան եւ Գարատաղ՝ 10-ական, Յունական Կիպրոս՝ 8, Լաթվիա՝ 6, Պոսնա Հերսէք, Խրուաթիա, Լիթվա, Սլովենիա եւ Շուէտ 4-ական։ Իվեթա Մուկուչեան 2-ական միաւոր ապահովեց Աւստը-րիայէն, Ֆրանսայէն եւ Իսրայէլէն, իսկ 1 միաւոր Հունգարիայէն։ Այս նիշերուն վրայ եկան աւելնալ հեռուստադիտողներուն մասնակցութեամբ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքները։ Այս առանցքին շուրջ Հայաստան լաւագոյն վեցերորդն էր։ Խառն արդիւնքի հիման վրայ Իվեթա Մուկուչեան յաջողեցաւ ապահովել եօթներորդ հորիզոնականը։