ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

«Յա­նուն մարդ­կա­յին կա­յուն զար­գաց­ման» ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին կող­մէ ՀԿ-­նե­րուն տրա­մադ­րուող դրա­մաշ­նոր­հա­յին ծրա­գ­­րին եւ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին յայ­տա­րա­րած մրցոյ­թին ծի­րէն ներս՝ Մա­յի­սի 26-28 թուա­կան­նե­րուն Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ. Հիմ­նախնդիր­նե­րը եւ ար­դի լուծ­ման ու­ղի­նե­րը» խո­րա­գրով գի­տա­ժո­ղով: Ա­նի­կա, ըստ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին, նա­խա­տե­սուած է գոր­ծող եւ ու­սա­նող զբօ­սաշր­ջա­կան գոր­ծա­կալ­նե­րու, զբօ­սա­վար­ե­րու, զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տի ե­րի­տա­սարդ աշ­խա­տա­կից­նե­րու հա­մար:

Ծրա­գ­­րին նպա­տակն է խթա­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան  զար­գաց­ման եւ դէ­պի նշուած ո­լորտ ներդ­րում­նե­րու հոս­քի աշ­խու­ժաց­ման, նպաս­տել բնու­թեան պահ­պա­նուող տա­րածք­նե­րուն ան­քակ­տե­լի ու կա­յուն զար­գաց­ման, խնա­յո­ղա­բար օգ­տա­գործ­ման, ա­ջակ­ցիլ գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու զար­գաց­ման:

Ծրա­գի­րը նաեւ պի­տի նպաս­տէ գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու մէջ կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման:

Այս ծի­րէն ներս պի­տի բարձ­րա­ցուին զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նախն­դիր­նե­րը, պի­տի տրուին հնա­րա­ւոր լուծ­ման ու­ղի­նե­րը, եւ պի­տի վեր­լու­ծուի հա­մայնք-պահ­պա­նուող տա­րածք-զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պող ե­ռա­կողմ կա­պը:

Գի­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կուին շարք մը նիւ­թեր, նե­րա­ռեալ՝ «Զբօ­սաշր­ջու­թեան կա­ռա­վար­ման ձե­ւեր եւ ա­ռա­ջարկ­ներ», «Գիւ­ղա­կան հա­մայն­քի զար­գաց­ման տար­բե­րակ­նե­րը, ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներն ու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը», «Հա­մայնք-գոր­ծա­կա­լու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան քայ­լե­րը», «Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րեր եւ կո­թող­ներ», «Ա­ռա­ջարկուող զբօ­սաշր­ջու­թեան տե­սակ­ներ եւ եր­թու­ղի­ներ» եւ այլն:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017