ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ­կա­կան Սփիւռ­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տքթ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Լոս Ան­ճե­լըս։ Իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն ան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Նոր Օր» թեր­թին։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

*

-Տքթ. Տա­գէ­սեան, բա­րի ե­կած էք Լոս Ան­ճե­լըս: Ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապն­դէ ձեր այս այ­ցե­լու­թիւ­նը:

-Այս­տեղ կը գտնուիմ հրա­ւէ­րո­վը «Ա­րա­րատ-Էս­քի­ճեա­ն» թան­գա­րա­նի վա­րիչ Տի­կին Մա­կի Ման­կա­սա­րեան-Կո­շը­նի, որ Գա­լի­ֆոր­նիոյ Նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի Նորթ­րի­ճի Հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քին հետ գոր­ծակ­ցա­բար կազ­մա­կեր­պած է Հա­ճը­նի նուի­րուած միօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով մը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցիմ: Ու­նիմ նաեւ զե­կոյց մը լի­բա­նա­նա­հայ գիր­քի տպագ­րու­թեան եւ տպա­րան­նե­րու պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

-Դուք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տնօ­րէնն էք Հայ­կա­զեա­նի Հայ­կա­կան Սփիւռ­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նին: Հա­մա­ռօ­տա­կի հա­ճե­ցէք պատ­մել կեդ­րո­նին, նպա­տա­կին եւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին:

-Մե­կե­նա­սու­թեամբ Տիար Եր­ջօ Սա­մուէ­լեա­նի, 2012-ի Յու­նուա­րին պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ կեդ­րո­նին՝ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Հա­յե­րը վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­մե­նա­շատ նպաս­տը ու­նե­ցած են Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու վե­րել­քին, յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ զար­գաց­ման: Կեդ­րո­նին նպա­տակն է ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով եւ փաս­տա­ցի տուեալ­նե­րով վկա­յագ­րել ու փաս­տագ­րել այդ նպաս­տը, յա­ռա­ջաց­նել պա­տու­մը այդ 100-ա­մեայ կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան:

Մա­յիս 2014-ին կեդ­րո­նը կազ­մա­կեր­պեց «Լի­բա­նա­նի հա­յե­րը», 2015-ի Մա­յի­սին՝ «Սու­րիոյ հա­յե­րը», 2016-ի Մա­յի­սին՝ «Յոր­դա­նա­նի հա­յե­րը» վեր­նագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով­նե­րը: 2017-ի Մա­յի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կեդ­րո­նը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Ի­րա­քի հա­յե­րը» գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դեն «Ե­գիպ­տոս-Սու­տան-Ե­թով­պիա», «Կիպ­րոս-Յու­նաս­տա­ն» եւ «Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­ր» գի­տա­ժո­ղով­նե­րը:

Գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին հայ, ա­րաբ եւ օ­տար մաս­նա­գէտ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ փոր­ձա­գէտ­ներ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն: Լի­բա­նա­նի գի­տա­ժո­ղո­վի նիւ­թե­րուն հա­տո­րը արդէն լոյս տե­սաւ, եւ այ­նու­հե­տեւ թափ կ՚առ­նէ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը այս հա­յօ­ճախ­նե­րու մա­տե­նա­շա­րի միւս հա­տոր­նե­րուն: 

-Ի՞նչ է սփիւռ­քի ձեր սահ­մա­նու­մը:

-Դժուար է միու­ղի եւ հա­մա­պար­փակ պա­տաս­խան տալ այս հար­ցու­մին: Սփիւռ­քը հին ու նոր սահ­մա­նում­ներ ու­նի: Ե­թէ սփիւռք կը նշա­նա­կէ Հա­յաս­տա­նէն դուրս իբ­րեւ հայ ապ­րող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, ա­պա թե­րեւս զայն պէտք է բաժ­նել չորս խո­շոր ժա­մա­նա­կա­հա­տուած­նե­րու.- ա) պատ­մա­կան սփիւռք, ուր պէտք է ընդգր­կել բո­լոր այն հա­յա­գա­ղութ­նե­րը, ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են մին­չեւ հայ­կա­կան Զար­թօն­քի շրջա­նը՝ 18-րդ դա­րաս­կիզբ, բ) ա­ւան­դա­կան սփիւռք, որ կ՚եր­կա­րի 18-րդ դա­րաս­կիզ­բէն մին­չեւ ե­ղեռն, գ) դա­սա­կան սփիւռք, որ կ՚ընդգր­կէ 1920-1990-ա­կան­նե­րը, այ­սինքն՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րէն մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խա­ցում, եւ՝ դ) յետ­դա­սա­կան կամ նո­րա­գոյն սփիւռք, որ ձե­ւա­ւո­րուիլ սկսաւ 1980-ա­կան­նե­րէն Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­սահ­ման եւ դա­սա­կան սփիւռ­քէն այլ վայ­րեր ար­տա­գաղ­թող հայ­կա­կան ա­լիք­նե­րով:

-Ի՞նչ է ձեր տպա­ւո­րու­թիւ­նը Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­յա­գա­ղու­թէն:

-Շատ կար­ճա­տեւ հոս կը գտնուիմ, հե­տե­ւա­բար պի­տի չփա­փա­քիմ ո­րո­շա­կի խօսք ը­սել, բայց կ­­՚ու­զեմ եր­կու տպա­ւո­րու­թիւն փո­խան­ցել:

Նախ ը­սեմ, որ գա­լի­ֆոր­նիա­հայ այ­սօ­րուան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը նմա­նի այն ինչ կար­դա­ցած եմ լի­բա­նա­նա­հայ մա­մու­լին մէջ՝ 1960-70-ա­կան­նե­րու լի­բա­նա­նա­հայ ե­ռու­զե­ռին մա­սին: Երկ­րոր­դը տե­սա­կան մտա­ծում մըն է. հա­մես­տա­բար կը կար­ծեմ, որ լի­բա­նա­նա­հայ փոր­ձը կրնայ ա­ւե­լի լայ­նա­ծիր ու խոր­քա­յին մտո­րում­ներ եւ տե­սա­դաշտ բա­նալ գա­լի­ֆոր­նիա­հա­յու­թեան առ­ջեւ: Ա­սի­կա կ­­՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ կը թուի, թէ մենք Պէյ­րու­թի մէջ անհ­րա­ժեշտ չա­փով չօգ­տուե­ցանք ա­տե­նի պոլ­սա­հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան-մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան փոր­ձէն եւ մենք սուղ վճա­րե­ցինք մեր «ան­գի­տու­թեա­ն» հա­մար, ու չկրցանք մեր սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­նե­րը ռազ­մա­գի­տա­կա­նօ­րէն շա­հար­կել:

-Դուք նաեւ ա­ռըն­չուած էք Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­սին: Ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ է հան­դէ­սը:

-Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­սը հրա­տա­րա­կուիլ սկսած է 1970-ին: Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով, մին­չեւ 1990 հրա­տա­րա­կ-ւե­ցաւ 10 հա­տոր: 1991-էն ի վեր ան լոյս կը տես­նէ տա­րե­կան ճշդա­պա­հու­թեամբ՝ խմբագ­րա­կազ­մի մը կող­մէ, զոր կը գլխա­ւո­րէ Հայր Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կռա­նեան: 2016-ին հրա­տա­րա­կե­ցինք 36-րդ հա­տո­րը եւ խըմ-բագ­րա­կազ­մը այժմ լծուած է 37-րդ հա­տո­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ: Դժբախ­տա­բար, ան մնաց սփիւռ­քի միակ ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ հա­յա­գի­տա­կան, պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուող տա­րե­գիր­քը: Մի­ջին հա­շուով իւ­րա­քան­չիւր հա­տոր կը հա­շուէ շուրջ 650 էջ, եւ կ՚ընդգր­կէ շուրջ 35 հա­յա­գի­տա­կան նիւթ:

Հա­յա­գի­տա­կան մթնո­լոր­տի պահ­պան­ման ու ա­ճու­մին հա­մար ա­մե­նա­մեայ շնոր­հան­դէս­ներ կը կազ­մա­կեր­պենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան այ­լե­ւայլ քա­ղաք­նե­րուն եւ թէ Ար­ցա­խի մէջ:

Պէտք է հաս­տա­տել, որ թէ՛ հան­դէ­սի պէյ­րու­թեան շնոր­հան­դէս­նե­րը եւ թէ կեդ­րո­նի տա­րե­կան գի­տա­ժո­ղով­նե­րը, կ­­՚ա­ռանձ­նա­նան Լի­բա­նա­նի մշա­կու­թա­յին ա­ռոյգ հար­թա­կին վրայ, սկսած են յա­ռա­ջաց­նել իւ­րօ­րի­նակ ա­կա­դե­մա­կան մթնո­լորտ մը եւ ազ­դել նո­րա­հաս սե­րուն­դի տար­րե­րէն ո­մանց՝ ո­րոնք հե­տաքրք­րուած են հու­մա­նի­տար մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րով:

-Հայ­կա­զեա­նի մէջ կեան­քի կո­չուած է նաեւ հրա­տա­րակ­չա­տուն մը:

-Ա­յո, Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի եր­րորդ հա­յա­գի­տա­կան ո­լոր­տը Հայ­կա­զեան հրա­տա­րակ­չա­տունն է՝ «Հայ­կա­զեան եու­նի­վըր­սի­թի փրէ­ս­»ը, որ անց­նող չորս տա­րի­նե­րուն հրա­տա­րա­կած է քսան գիրք: Հրա­տա­րակ­չա­տու­նը կը հրա­պա­րա­կէ հա­յե­րէն, ա­րա­բե­րէն եւ անգ­լե­րէն հա­յա­գի­տա­կան բնոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս Տքթ. Զա­ւէն Մսըր­լեա­նի Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, Տքթ. Վահ­րամ Շեմ­մա­սեա­նի Մու­սա լե­րան 1919-39 շրջա­նի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին եւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ու տնտե­սա­կան կեան­քին վե­րա­բե­րող անգ­լե­րէն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, Տքթ. Նո­րա Ա­րի­սեա­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­րա­բա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող ա­րա­բե­րէն հա­տո­րը, Տքթ. Ար­տա Էք­մէք­ճիի ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով ու անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ լոյս տե­սած Յա­կոբ Ար­սէ­նեա­նի ե­ղեռ­նի ա­կա­նա­տե­սի վկա­յու­թիւն­նե­րու հա­տո­րը (որ ի դէպ ու­նե­ցաւ երկ­րորդ տպագ­րու­թիւն մը) եւ այլն:

-Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան այլ բնա­գա­ւառ­ներ կը գոր­ծե՞ն:

-Հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան այլ ո­լորտ մըն է «Տէ­րեան» հա­յա­գի­տա­կան գրա­դա­րա­նը, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ճիգ չեն խնա­յեր՝ հա­մա­պա­տաս­խան նո­րա­գոյն հա­յա­գի­տա­կան գրա­կա­նու­թեամբ հարս­տաց­նե­լով այժ­մէա­կան պա­հե­լու զայն: Ա­ռի­թը պա­տեհ է կոչ ը­նե­լու բո­լոր գրի­չի մար­դոց եւ ու­սում­նա­սէր­նե­րուն, որ յա­տուկ ջանք ը­նեն ի­րենց հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն օ­րի­նակ մը ան­պայ­ման գրա­դա­րա­նին նուի­րե­լու հա­մար: Գրա­դա­րա­նը կը ծա­ւա­լէ նաեւ հրա­պա­րա­կա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն. ան­նա­խըն­թաց էր հայ տպագ­րու­թեան 500-ա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րուն շար­քը: Վեր­ջերս գրա­դա­րա­նը լծուած է յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րով քա­ջա­լե­րե­լու եւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու լի­բա­նա­նա­հայ հե­ղի­նակ­ներն ու տպագ­րու­թիւն­նե­րը: Եւ կայ ան­շուշտ հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նը, ո­րուն վեր­ջերս տնօ­րէն նշա­նա­կուե­ցաւ Տքթ. Նա­նօր Գա­րա­կէօ­զեան:

-Ու՞ր է հա­յա­գի­տու­թիւ­նը այ­սօր:

-Հա­յա­գի­տու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման եւ հա­մա­ցան­ցի այս հրաշ­քոտ պայ­մանն­նե­րուն մէջ կրնայ միայն ծաղ­կիլ՝ ե­թէ ի­մաս­տուն օգ­տա­գոր­ծենք ըն­ձե­ռուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Տի­նա­մի­թով կա­րե­լի է քան­դում կա­տա­րել, բայց կա­րե­լի՛ է նաեւ ժայ­ռեր փշրել ու շի­նա­րա­րու­թիւն ի­րա­գոր­ծել...: Հա­յա­գի­տու­թիւ­նը այ­սօր սքան­չե­լի ա­ռիթն ու­նի հարս­տա­նա­լու աշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րը գտնուող հա­յե­րու կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Այ­սօր հա­յա­գի­տու­թիւ­նը կը գտնուի այն­պի­սի հար­թա­կի մը վրայ, որ կրնայ ու­սում­նա­սի­րուիլ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ե­լա­կէ­տե­րէ՝ շնոր­հիւ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւ­նը գտնուող հայ եւ ոչ-հայ հա­յա­գէտ­նե­րու կող­մէ: Այ­սինքն հա­յա­գի­տու­թիւ­նը ծաղ­կե­լու ա­ռար­կա­յա­կան գրե­թէ հա­մա­հա­ւա­սար պայ­ման­ներ ու­նի ֆրան­սա­գի­տու­թեան կամ ա­րա­բա­գի­տու­թեան եւ այլ­նի հետ: Ա­սի­կա մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն է եւ ան­նա­խըն­թաց՝ մե­զի հա­մար: Ու­շագ­րաւ է նաեւ այն, որ գրե­թէ ո­րե­ւէ նիւ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար հայ­կա­կան հումք կայ: Այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը ու­րիշ տի­նա­միզմ կրնան հա­ղոր­դել հա­յա­գի­տու­թեան:

Կը թուի, թէ հա­յա­գի­տու­թեան մե­րօ­րեայ մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն է հա­յա­գի­տու­թիւ­նը (հա­յուն կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բող­ջու­թիւ­նը) հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան հա­մար­կե­լը:

Այլ մեծ եւ սկզբուն­քա­յին մար­տահ­րա­ւէ­րը հա­յա­գի­տու­թեան ան­ցումն է՝ նկա­րագ­րա­կան, պատ­մո­ղա­կան, փաս­տագ­րու­մի վի­ճա­կէն խոր­քա­յին վեր­լու­ծու­մի եւ տե­սա­կա­նաց­ման: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ նաեւ, որ մե­զի հա­մար ոչ միայն կա­րե­ւոր է գիտ­նալ, թէ հա­յը ո՛ւր, ի՛նչ ը­րեր է, այլ նաեւ վեր­լու­ծել այդ ը­րա­ծին դրդա­պատ­ճառ­նե­րը, ար­դիւնք­նե­րը, հե­տե­ւանք­նե­րը, շա­րու­նա­կուի­լը կամ դադ­րի­լը:

-Ձեր մա­սին. ո՞րն է ձեր վեր­ջին ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը:

-Ճիշդ այս օ­րե­րուն լոյ­սին ե­կաւ լի­բա­նա­նա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քին ա­ռաս­պե­լա­կան դէմք Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի մա­սին աշ­խա­տու­թիւնս: Ջա­նա­ցած եմ մէկ­տե­ղել մեծ նուի­րեա­լին ե­րաժշ­տա­կան կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան ծալ­քե­րը: Գիր­քը հա­մադ­րա­կան աշ­խա­տանք մըն է, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն կը պար­զուի Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի փրո­ֆի­լը՝ կեն­սա­պատ­կե­րը:

-Դար­ձեալ հան­դի­պե­լու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով, շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձե­զի եւ յա­րա­տե­ւու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն՝ պէյ­րու­թա­հա­յու­թեան:

-Շնոր­հա­կա­լու­թիւն ձե­զի՝ այս հար­ցազ­րոյ­ցին հա­մար:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017