ՇՈՒՇԻԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ
Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնը վերանորոգուած եւ վերակառուցուած է արդի չափանիշներուն համապատասխան: Այս մասին «Արցախփրէս»ին յայտնած է Արցախի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտ Ազատ Համբարձումեան: «Ձայնակլանիչ համակարգով ու լուսային տարբեր էֆէկտներով վերափոխուած, բոլորովին ժամանակակից տեսք ստացած է բեմահարթակը եւ 368 հոգի ընդունող դահլիճը: Հակահրդեհային կանոնները պահպանելու համար «Երեւան հրշէջ» ընկերութիւնը արտակարգ պատահարներէն խուսափելու համար հրակայուն նիւթ օգտագործած է շէնքի տարբեր հատուածներու մէջ: Իրականացուած է բակի սալայատակում եւ բարեկարգում: Այժմ կը կատարուին մաքրութեան ու կահաւորման աշխատանքներ», ըսած է Ազատ Համբարձումեան եւ նշած, որ մշակոյթի եւ երիտասարդական կեդրոնի շինարարութիւնը կ՚իրականացնէ «Խաչեն» ընկերութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետական պիւտճէի միասին գանձատրումով:
Միւս կողմէ, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ տեղակայուած է Մկրտիչ Խանդամիրեանի անուան պետական թատրոնը, երգի, պարի եւ արուեստի այլ ճիւղերու խմբակներ: