25-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԾԱԹԷ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ

Ար­ժոյ­թի մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մին եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է 1000 դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէ­քով ար­ծա­թէ յու­շադ­րամ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, յու­շադ­րա­մի մէկ կող­մը կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը եւ «ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ», «REPUBLIC OF ARMENIA», «2017», «1000 դրամ» մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը: Յու­շադ­րա­մի դար­ձե­րե­սին պատ­կե­րուած է Ար­ժոյ­թի մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մի եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան տար­բե­րան­շան­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նի նշու­մով: Ստո­րին եւ վե­րին շրջա­գի­ծե­րով «ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԱՆ­ԴԱ­ՄԱԿ­ՑՈՒ­ԹԵԱՆ ՅՈ­ԲԵ­ԼԵԱՆ», «ARMENIA՚S MEMBERSHIP ANNIVERSARY» հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն մա­կագ­րու­թիւն­ներն են:

Յու­շադ­րա­մը, որ 300 հատ հա­տուած է Լիթ­վա­յի դրա­մա­հա­տա­րա­նին մէջ, գործն է Յա­րու­թիւն Սա­մուէ­լեա­նի։

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017