ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեանին հասցէագրուած Թրամփի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Կը շնորհաւորեմ ձեզ ընտրութեան կապակցութեամբ։ Կ՚ակնկալեմ աշխատիլ ձեզի հետ մեր երկիրներու համար համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շատ մը ոլորտներու մէջ, ներառեալ՝ առեւտրային կապերու ամրացումը, ժողովրդավարական հաստատութիւնները եւ տարածքաշրջանային անվտանգութիւնը։ Կաշառակերութեան դէմ պայքարի մէջ, քաղաքական կուսակցութիւնները միաւորելու գործի մէջ յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը նպաստեն այս ջանքերուն ու կ՚ապահովեն Հայաստանի պայծառ ապագան»։

Շնորհաւորականի վերջաւորութեան Թրամփ լաւագոյն մաղթանքները յղած է վարչապետ Փաշինեանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին։

Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփն ալ երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Փաշինեանին։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ բազմաթիւ նախարարութիւններէ ներս տեղի ունեցան հերթի փոխանցման արարողութիւններ։ Նիկոլ Փաշինեան օրուան տեւողութեան այցելեց շարք մը նախարարութիւններ, ուր նորանշանակ նախարարները ներկայացուց տուեալ նախարարութեան աշխատակազմերուն։ Այդ արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ արդէն նախկին նախարարները։

Բաց աստի, Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նոր կառավարութեան ծրագրի պատրաստութեան աշխատանքներն ալ ընթացքի մէջ են։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ խօսեցաւ այս նիւթի մասին։ Ան կ՚ակնկալէ, թէ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն ալ հաւանութեան պիտի արժանացնէ իր կառավարութեան ծրագիրը։ Ըստ Փաշինեանի, իր կառավարութիւնը պիտի աշխատի արդիւնաւէտ։

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի հետաքրքրական իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Նոր վարչապետը երէկ խօսեցաւ մինչեւ տարեվերջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու հաւանականութեան շուրջ։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակներէն գործիչներ յայտնեցին, որ արտահերթ ընտրութիւններու խնդիրը հրատապ չեն նկատեր երկրին տեսակէտէ։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018